Ատրպեճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿի ատենապետ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տօրա Պաքոյանիս պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան կ՛այցելէ։
Պաքոյանիս «Հայտար Ալիեւ» միջազգային օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ Ատրպէյճան կ՛այցելէ ԵԱՀԿի ատենապետի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի հանգամանքով։ Ան ըսած է, թէ Ատրպէյճանի եւ Յունաստանի միջեւ լաւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին։
Պաքոյանիս յայտնած է նաեւ, որ «Իմ այցելութեանս նպատակներէն մէկը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելն է։ Ես նաեւ Պաքուի մէջ յունական դեսպանատունը պիտի այցելեմ։ Կը կարծեմ, որ Պաքուի մէջ իմ հանդիպումներէս ետք վստահ պիտի ըլլանք, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին»։
ԵԱՀԿի ատենապետը երէկ հանդիպում ունեցած է ատրպեճանական կուսակցութեանց ղեկավարներուն հետ եւ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական համայնք» հասարակական միութեան ատենապետ, Շուշի շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Պայրամ Սաֆարովի հետ։ Պաքոյանիս այսօր պանդիպում պիտի ունենայ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետովի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, ապա Պաքուէն պիտի մեկնի Երեւան։