ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Իսրայէլեան Elta Systems Ltd պաշտպանութեան ոլորտի ընկերութիւնը կը համագործակցի Ատրպէյճանի հետ արբանեակներու համակարգերու ստեղծման մարզին մէջ: Վերջերս այդ ընկերութիւնը յայտարարած էր «TecSAR» արբանեակի ստեղծման մասին: Նման արբանեակ կրնայ աշխատիլ շատ լայն հնարաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ «ինտերֆերոմեթրի ռեժիմ»ով, որ իր կարգին թոյլ կու տայ բարձր ճշգրտութեամբ որոշելու երկրի մակերեսին որակը:
Իսրայէլն ու Ատրպէյճանը կը բանակցին զրահամեքենաներու արտադրութեան շուրջ: Այդ զրահամեքենաներէն գերժամանակակից «Namer» մեքենային արժէքը կը կազմէ 2 միլիոն տոլար:
Իսրայէլն ու Ատրպէյճանը մտադիր են համագործակցիլ նաեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան այլ ոլորտներու մէջ, օրինակ՝ մարտական առանց օդաչուի ինքնաթիռներ արտադրող գործարանի կառուցման շուրջ: