ԶԱԽՕ.- Գրեթէ 200 հայ ընտանիք կայ թրքական սահմանին մօտ գտնուող Իրաքի Տըհոք նահանգի Զախօ քաղաքին մէջ: Քիւրտիստանի խորհրդարանը հայկական համայնքին յատկացուցած է մէկ տեղ, որուն համար կը պայքարին երեք հոգի՝ Արամ Շահին Տաւուտ Բակոյեանը, Իշխան Մալկոն Սարգսեանը եւ Ա. Մովսէս Սարգսեանը: Այս մասին տեղեկացուցած է araratnews.eu կայքէջը:
Քիւրտիստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յուլիս 25ին։