ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Իր 3 Յուլիսի թիւով «Պինա» օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, որ դիտել տուած է, թէ ճիշդ չեն այն յայտարարութիւնները, որոնք կը խօսին Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան դիմաց գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն մասին՝ դիտել տալով, որ պէտք է օժանդակել նոր նշանակուած վարչապետին, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն պատիւ բերող կառավարութիւն մը կազմել։
Վարչապետի անուան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նշած է, որ հակառակ երեսփոխանական ընտրութիւններուն տեղի ունեցած զեղծարարութիւններուն, կայ յստակ իրողութիւն մը, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրի այսօր խորհրդարանական մեծամասնութեան նախագահն է, սիւննի համայնքի ամէնէն կարեւոր ներկայացուցիչն է, ուստի առաջնահերթութիւնը կը վայելէ վարչապետութեան պաշտօնը ստանձնելու։ «Եղանք առաջինը, որ վարչապետութեան պաշտօնը ստանձնելու համար առաջադրեցինք Սաատ Հարիրիի անունը, նոյնիսկ երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, Մուսթաքպալ հոսանքէն եւ երեսփոխանական որեւէ պլոքէ առաջ», հաստատած է երեսփոխանը։
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի հետ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն մասին երեսփոխան Բագրատունի յայտնած է, որ անոնք իւրայատուկ են իրենց անկեղծութեամբ, մտերմութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով՝ միշտ պահպանելով ինքնուրոյն որոշում ունենալու սկզբունքը։
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին համաձայն, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ կապ չէ հաստատուած ընտրութիւններէն ետք, սակայն կառավարութեան կազմութեան նպատակով տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է այն մասին, որ խորհրդարանը կիսելով կարելի պիտի չըլլայ երկիրը ապահով ափ հասցնել։ Ինչպէս նաեւ Հարիրի պատրաստակամութիւն յայտնած է ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու՝ լիբանանեան ներկայացուցչութեան պատկերն ու բաժնեկցութեան սկզբունքները յարգելով։ Այս ծիրին մէջ Բագրատունի հաստատած է, թէ 30 հոգիէ բաղկացած կառավարութեան մէջ հայութիւնը երկու նախարար պիտի ունենայ, եւ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ մէկ նախարարին անունը ճշդողը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.