ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութենէն՝ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռեկնում»ին յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա պիտի նշանակուի Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան։
Աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ, թէ անոր նշանակումը արդէն իսկ ստացած է Պաքուի համաձայնութիւնը:
«Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը նախապէս հաղորդած էր այս տեղեկութիւնը, սակայն Պրայզա օրին հերքած էր զայն: