ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Կեանքիս կէսէն աւելի Սան Ֆրանսիսքօ ապրած ըլլալով, ալ ինքզինքս բնիկներէն կը զգամ այս մշուշապատ ու բազմամշակոյթ քաղաքին, այդ պատճառաւ ալ հետաքրքրութիւնս աւելցած է Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութի անցեալով՝ ովքե՞ր եղած են առաջին հայ բնակիչները, որո՞նք եղած են հիմնադիրները, ու սկսած եմ պրպտել այս քաղաքի հայ գաղութին ծագումն ու սկզբնական շրջաններու բնակիչները:
Մեր կողմէ եղած այս համադրումը տարբեր աղբիւրներու, գաղափար մը կու տայ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութին սկզբնաւորման ու զարգացման 1883էն մինչեւ 1912. օգտագործած եմ որոշ բաժիններ, մի ոմն Մուշեղ եպիսկոպոսի ճամբու նօթերէն, ան իր Միացեալ Նահանգներ կատարած շրջապտոյտի ընթացքին այցելած է նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ 1912ին ու արձանագրած իր ճամբու նօթերը «Ամերիկահայ Տարեցոյցը»ին մէջ՝ տպագրուած 1912ին, Պոսթըն, «Կիլիկիա Տպարան»էն:
Սան Ֆրանսիսքոյի առաջին հայ բնակիչը 1883ին, եղած է Մ. Մարգարեան, որ քանի մը ամիս Սան Ֆրանսիսքօ բնակելէ ետք փոխադրուած է Ֆրեզնօ. երկրորդ հայը եղած է Մանուկ Մանուկեանը, պոլսեցի, որ 27 տարի ապրած է Սան Ֆրանսիսքօ ու ամուսնացած է գերմանուհիի մը հետ. 1885ին հաստատուած է Գուրույեան եղբայրներու գորգի վաճառատունը, որ իր գոյութիւնը պահած է մինչեւ 1912, մինչեւ Մուշեղ եպիսկոպոսի շրջապտոյտի թուականը. հաւանաբար ատկէ ետք ալ շարունակուած է, բայց որեւէ շօշափելի վկայութիւն չունինք այդ մասին. գրեթէ մինչեւ 1906, քիչ հայեր եղած են Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իսկ 1912ի ժամանակներուն, գոյութիւն ունեցած են մօտաւորապէս 150 հայեր՝ ցրուած քաղաքին զանազան կողմերը, ու որոշ ուսանողներ Օգլընտի ու Սթէնֆըրտի համալսարաններուն մէջ. անոնք եղած են անծանօթներ իրարու ու զուրկ ընկերական յարաբերութիւններէ:
Սան Ֆրանսիսքոյի այդ ժամանակաշրջանին նորեկները թէպէտ այնքան բարեկեցիկ վիճակի մը տիրացած չեն, բայց ընդհանրապէս իրենց սեփական գործերը ունեցած են, զբաղած են դերձակութեամբ, խոհարարութեամբ, նպարավաճառութեամբ եւ թղթավաճառութեամբ: Այս նորակազմ ու փոքր գաղութին մէջ գոյութիւն ունեցած է մէկ բժիշկ՝ Յ. Բարսեղեան, «Elkan gunst bld. 323 Geary and Powell», երկու ատամնաբուժներ՝ Թէրզեան եղբայրներ, «4051 Mission st.», մէկ լուսանկարիչ՝ Յովհ. Զինկեան, «767 Market st.», մէկ իւղանկարիչ՝ Միհրան Սարայէլեան, եւ մէկ արձանագործ՝ Հայկ Փաթիկեան եւ իր ծնողները, «923 Polk st.»: Հայկ Փաթիկեանի, արուեստագէտ արձանագործին մասին կան լայն ծանօթութիւններ ամերիկեան շրջանակներէ ներս. ան Քալիֆորնիա նահանգի արձանագործական բոլոր մրցումներուն միշտ առաջնութիւն շահած է. Հ. Փաթիկեանի ու քանի մը այլ յայտնի հայերու մասին պիտի անդրադառնամ առանձնաբար հետագային:
Սոյն նոր գաղթականութեան անդամներէն երկուքը՝ Միհրան Սարայէլեան եւ Պետրոս Թէրզիպաշեան միեւնոյն ժամանակ եղած են հնարիչներ եւ իրենց գիւտերուն օգտագործման համար պետական մենաշնորհի «Patent» արժանացած են, սակայն հեղինակը չի յիշեր իր յուշերուն մէջ, թէ ի՞նչ էին այդ գիւտերը: Պըրքլիի համալսարանէն երկրագործութեան ու քիմիագիտութեան դոկտորայի աստիճանով վկայուած է քղեցի Մուշեղ Վայկունի, որ զբաղած է քիմիաբանական մասնաւոր վերլուծումներով, հնարած է գիւտ մը, որով կարելի եղած է քիչ ծախսով ոսկին զատել սիւլֆիւրէն: Նոյն համալսարանէն շրջանաւարտ եղած են նաեւ խոյլուցի Կարապետ Նաճարեան, Ձայնիկ Սանդիկեան եւ Լեւոն Նշիկեան՝ «սիվիլ ինճինիըր»ի տիտղոսով: Վերջինս հետագային աշխատած է Լոս Անճելըս ընկերութեան մը մէջ: Վերոյիշեալներէն բացի, կային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ 10էն աւելի երկսեռ ուսանողներ, որոնք հետեւած են զանազան ճիւղերու:
Վերոյիշեալ 4 հասցէներուն ու մեր ազգակիցներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու նպատակաւ, որոշեցի շրջապտոյտ մը կատարել քաղաքէն ներս ու գոնէ ստուգել հասցէները, տեսնելու համար թէ այդ հասցէները՝ 1883էն 1912 տարիներէն, տակաւին գոյութիւն ունին, թէ ոչ: Առաջին առիթով գտայ բժիշկ Յ. Բարսեղեանի հասցէն՝ Elkans Gunst Bld. 323 Geary St., այս հին ճարտարագիտութեան լաւագոյն նմոյշներէն մէկը, շէնքը իր բոլոր շքեղութեամբ կանգուն է տակաւին, Սան Ֆրանսիսքոյի կեդրոնական ու ամենաբանուկ շուկայական շրջանակին մէջ. յուզիչ էր ժամ մը դիտել այդ հոյակապ բազմայարկ շէնքը ու երեւակայել բժիշկ Բարսեղեանի այդ շէնքէն մուտքն ու ելքը. նոյնիսկ պահ մը մտածեցի մտնել շէնք ու պահակին միջոցով հետաքրքրուիլ, թէ բժիշկ Բարսեղեանի դարմանատունը ո՞ր յարկն էր եւ ո՞ր սենեակն էր արդեօք, սակայն…:
Յաջորդաբար գտայ ատամնաբուժ Թէրզեան եղբայրներու՝ 4051Mission St.-ի հասցէն. ինչպէս նկարին մէջ կը տեսնէք 2 յարկանի շէնքը, որ աւելի շատ բնակարան է, քան դարմանատուն, թերեւս նոյն տան մէջ թէ՛ կը բնակէին եւ թէ՛ կը դարմանէին, ստուգելու որեւէ հնարաւորութիւն չունինք:
Ես ալ իբրեւ լուսանկարիչ, մեծապէս հետաքրքրուած էի լուսանկարիչ Յովհ. Զինկեանով, 767 Market St.: Վերոյիշեալ 2 շէնքերը կանգուն տեսնելէ ետք, մեծ յուսախաբութիւն ապրեցայ՝ տեսնելով բազմայարկ արդիական նոր շէնք մը, որուն մասնաբաժինները, վերի յարկերը կը ծառայեն իբրեւ գրասենեակներ, իսկ վարի յարկերը՝ իբրեւ արդիական վաճառատուներ:
Յուսախաբութիւնս կրկնուեցաւ տեսնելով 923 Polk St.-ի, ամերիկեան առումով մեծանուն արձանագործ, հայկական առումով անծանօթի մը՝ Հայկ Փաթիկեանի հասցէն, որ երբեք գոյութիւն չունէր, միայն կար 921 Polk St.-ի հսկայական գրասենեկային շէնք մը. այս պարագային նաեւ կարելիութիւն չկայ ստուգելու, որ այդ հասցէն Փաթիկեանի բնակարա՞նն էր, թէ արուեստանոցը:
Հետագային պիտի փորձեմ ներկայացնել արուետագէտ նկարիչ, արձանագործ Հայկ Փաթիկեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: