ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, 27 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի մշակութային համալիրի պատշաճօրէն զարդարուած սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանային յանձնաժողովին եւ կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբին, արժանավայել կերպով նշուեցաւ Սամուէլ Իլանճեանի 65 տարիներու մշակութային, թատերական եւ ազգային հասարակական գործունէութեան նուիրուած յոբելեանը:
Ձեռնարկին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրէրեանի եւ հայր Պարետ Երէցեանի կողքին, ներկայ էին, օրուան յոբելեարն ու իր կինը՝ իրենց ընտանեկան պարագաներով, ՀԲԸՄի Կեդրոնական եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչները, կազմակերպիչ թատերախումբի վարչական անդամները, թատերախումբի բեմադրիչն ու նախկին ու նոր դերասանները, լոս անճելըսահայ մամուլի ներկայացուցիչները, յոբելեարին բարեկամները, գործակիցներն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներն ու շուրջ 400 հիւրեր:
Բացման իր խօսքին մէջ, յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, ատենապետ Արա Պապայեան բարի գալուստի ու շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք վեր առաւ հայ մշակոյթի օրինակելի գործիչ Սամուէլ Իլանճեանի 65 տարիներու վրայ երկարող միութենական աշխատանքն ու գործունէութիւնը՝ զայն որակաւորելով իբրեւ «ամբողջական անմնացորդ նուիրում, զոհաբերութեան ոգի եւ անխոնջ աշխատասիրութիւն»:
Իր կարգին, օրուան հանդիսավար «Արտաւազդ» թատերախումբի տարիներու բեմադրիչ-դերասան Գրիգոր Սաթամեան յայտնեց, թէ իր ղեկավարած թատերախումբի յաջողութեան մեծագոյն բաժինը կը պարտի օրուան յոբելեարին:
Ապա տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, ընկերացած Սաթամեանի հաճելի ու սրամիտ բացատրութիւններով, որուն շնորհիւ ներկաները ականատես եղան Իլանճեանի երիտասարդութեան ու միութենական կեանքի տարիներու ծալքերուն:
Իլանճեան ընտանիքի սրտի խօսքը փոխանցեց յոբելեարին անդրանիկ դուստրը՝ Վանտա Եուսուֆեանը, որ յուզումով ներկայացուց իր զաւկի հարազատ զգացումները:
«Սամուէլ կը նշանակէ Աստուծոյ մարդ: Ուստի իմ հայրս ապրած է իր անուան իսկական իմաստին համաձայն, անձնուէր, առատաձեռն, գուրգուրոտ ու մանաւանդ իր ջերմ ժպիտով: Այս բոլորէն անջատ, հօրս այս հսկայ խանդին միակ կայծը եղած է մայրս՝ Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեանը», ըսաւ ան:
Իբրեւ օրուան գլխաւոր բանախօս, տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան նախ ամբողջական գիծերու մէջ ներկայացուց Մանուէլ Իլանճեանի կենսագրութիւնը՝ բնորոշելով անոր Խարբերդի մէջ ծնած ըլլալը, Մեծ Եղեռնի հետեւանքով ընտանքին դէպի Լիբանան գաղթը, ապա երիտասարադ տարիքին միութենական կեանքէն ներս մուտքը, «Գասպար Իփէքեան» թատերախումբի անդամակցիլը, եւ տակաւին, իր ջանքերուն շնորհիւ Լիբանանի «Համազգային»ի եւ ՀԵԸի միացեալ ճիգերով իրականացած պատմական Պաալպէքի հայկական փառատօնին հրապարակային յաջող ելոյթը, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին հետ սփիւռքեան տարածքին անոր շրջագայումը եւ վերջապէս, Լոս Անճելըսի մէջ «Արտաւազդ» թատերախումբին իր անսակարկ ներդրումով դէպի յաջողութիւն առաջնորդելը:
«Միութենական կեանքին մէջ, Սամուէլ Իլանճեանի համար նախ պէտք էր ոգեւորուիլ՝ ոգեւորելու, խանդավառուիլ՝ խանդավառելու համար: Ան անցնող 65 տարիներուն համեստօրէն ծառայեց հայ մշակոյթին, ու շարունակեց մշակութային գործիչի տեսիլքն ու կիրքը ի գործ դնել՝ դէպի յաջողութիւն առաջնորդելու ամէն ծրագիր», աւելցուց Քէշիշեան, որ նաեւ յիշեց Իլանաճեանի ունեցած մեծ դերը «Լարք» երաժշտանոցին հետ միատեղ յաջողութեամբ պսակուած անմահն Տիգրան Չուխաճեանի «Զուարթ», «Կարինէ» եւ «Զեմիրէ» օփերաները:
Իր խօսքի աւարտին բանախօսը, մէջբերելէ ետք Վահան Թէքէեանի «Ինչ մնաց կեանքէն…»ի քանի մը տողերը՝ բնորոշեց նաեւ Իլանճեան մարդուն աստուածատուր շնորհները, անոր հայրենասիրութիւնը, հայ մշակոյթին եւ յատկապէս հայ թատրոնին հանդէպ ունեցած անհուն սէրն ու գուրգուրանքը եւ վերջապէս ամբողջ կեանքի ընթաքցին անոր օրինակելի աշխատանքը, եւ ապա շնորհաւորեց յոբելեարն ու կողակիցը ու կատարեց բարի մաղթանքներ:
Ողջոյնի խօսքերով իրերայաջորդ կերպով ելոյթներ ունեցան Իլանճեանի մանկութեան օրերէն իր սրտակից ընկերը՝ Ենովք Պալիկեան, «Լարք»ի տնօրէն Վաչէ Պարսումեան, ՀԲԸՄի Շրջանի վարչութեան նախորդ ատենապետ Վահէ Իմաստունեան, որուն խօսքը փոխանցեց Վարդուհի Գազանճեանը, ՀԲԸՄի ներկայ վարչութեան ատենապետ Պերճ Շահպազեան եւ ՀԲԸՄի Կեդրոնականի անդամ Սինան Սինանեան:
Բոլոր խօսք առնողներն ալ դրուատեցին Սամուէլ Իլանճեանի միութենական կեանքի անսակարկ նուիրուածութիւնը, ազնիւ եւ ազգասէր հայորդի ըլլալը, մեղրահամ բնաւորութեան եւ բացառիկ կազմակերպչական տաղանդի տէր հայ մշակութասէրն ու նուիրեալ մշակը:
Իր խօսքի աւարտին, Սինան Սինանեան ընթերցեց ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական նամակը եւ ապա Սամուէլ Իլանճեանի կուրծքը զարդարեց ՀԲԸՄի նախագահական պատուոյ շքանշանով:
Ձեռնարկի գնահատագիրներու բաժնին, Իլանճեանի զաւակներէն Թալին Սիմոնեանն ու Սեւակ Իլանճեանը ընթերցեցին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներէն Փօլ Գրիգորեանի եւ Քարոլ Լուի գնահատագիրները, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի գնահատագիրը:
Իրենց կարգին, ՀԲԸՄի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանակային յանձնաժողովն ու «Արտաւազդ» թատերախումբի յանձնախումբը, յոբելեար Իլանճեանի յանձնեցին մէկական յատուկ յուշատախտակներ:
Ապա, Յովնան առաջնորդ «Տիրեցէք երկրին» պատգամով, իր հայրական խօսքը յայտնեց՝ բացատրելով, թէ «այս պատգամը ուղղուած է ամէն մարդու: Տիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ կողմէ տրուածը լեցնել, հարստացնել»: Սրբազան հայրը վեր առաւ նաեւ Իլանճեանին հայ թատրոնի հանդէպ ունեցած ծառայասիրութիւնն ու գուրգուրանքը եւ հայ մշակոյթին անոր մատուցած աշխատանքները, որոնց շնորհիւ, «Իլանճեան յաջողեցաւ իր կեանքը արժեւորել ու դարձաւ հաւատացողը նոր գաղափարներու»: Յովնան սրբազան հայրական բարի մաղթանքներով փակեց իր խօսքը, ապա բեմ հրաւիրեց յոբելեարն ու իր կողակիցը, նաեւ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս լսելու Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց հայրապետի՝ այս առթիւ առաքած կոնդակը, զոր ընթերցեց հայր Պարետ Երէցեանը:
Սրբազան հայրը նախ Սամուէլ եւ Ժանէթ Իլանճեաններու կուրծքերը զարդարեց «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշաններով:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արա Պապայեան յայտնեց, թէ այս առթիւ հաստատուած է «Սամուէլ Իլանճեան» մրցանակ, որ պիտի տրուի այն ուսանողին, որ իր երկրորդականի ուսումէն ետք կը հետեւի թատրոնի ճիւղին:
Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալութեան խօսքերով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալ Իլանճեանը, որ յուզուած՝ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ եւ ապա երախտագիտական զգացումները բացայայտեց, վեհափառ հայրապետին, ՀԲԸՄի պատասխանատուներուն, ձեռնարկի խօսք առնողներուն եւ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերող արուսետագէտներուն, կազմակերպիչներուն, հանդիսավարին եւ ներկաներուն, միաժամանակ շեշտելով, թէ՝ «Մշակոյթը մեր ազգային ամէնէն մեծ հարստութիւնն է: Քանզի մշակոյթով կայ հայոց փրկութիւն»:
Օրուան յայտագիրը ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական իր ճոխ բաժինը, որուն սկիզբը, յոբելեարին կողակիցը՝ Ժանէթ Գույումճեան-Իլանճեան, Սփիւռքի տարածքին ու յատկապէս Լիբանանի մէջ հանրածանօթ արուսետագիտուհին, մեներգեց Կոմիտասի «Լէ, լէ»ն եւ Էտկար Յովհաննէսեանի «Արփա Սեւան»ը՝ արժանանալով ներկաներու բուռն եւ յուզումնախառն ծափահարութիւններուն:
Ապա յաջորդաբար, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վիքթորիա Սիմոնեանի, Սուրէն Մկրտչեան մեներգեց Վերտիի «Alfredos»ը եւ Տիգրան Չուխաճեանի «Զեմիրէ» օփերայէն «Էլզանթուրի» արիաները, իսկ սոփրանօ Քնարիկ Ներկարարեան՝ Կունոտի «Margarita»ն եւ Էտուարտ æրաբշեանի «Սիրոյ Մեղեդին», իսկ ծանօթ պաս Ռուբէն Թելունց հրամցուց Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ»ը եւ Տիգրան Չուխաճեանէն «Լէպլէպուճի» քառեակները: Նաեւ, Քնարիկ Ներկարարեան եւ Սուրէն Մկրտչեան միասին հրամցուցին Վերտիի «Brindisi»ին:
Յոբելինական հանդիսութեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան համալիրի «Պոյաճեան» սրահէն ներս եւ առիթ ունեցան անձամբ շնորհաւորելու Իլանճեան ամոլն ու ընտանեկան պարագաները իրենց պատմական օրուան առթիւ: