Կիրակի, Յուլիս 5ը պատմական օր մը եղաւ Նորթ Հալիվուտի հայութեան եւ մասնաւորաբար նորահաստատ Ս. Սարգիս հայց. եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, շրջանի հայութեան հոգեւոր կարիքներուն առժամեայ վայրը դարձած էր տեղւոյն Էմմանուէլ լուտերական եկեղեցին: Օրուան պատարագիչն էր թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ս. սեղանին ծառայեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան եւ սարկաւագներ: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան:
Ս. պատարագի ընթացքին տէր Նարեկ հակիրճ պատմական ըրաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մասին, որ 49 տարի առաջ Արեւելեան Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած էր: Ապա, վերջին 20 տարիներուն հայ բնակչութիւնը այդ շրջանէն տարբեր բնակավայրեր փոխադրուելով՝ եկեղեցին եւս կարիքը զգացած էր տեղափոխուելու հայաշատ վայր մը: Այնուհետեւ տէր հայրը կոչ ուղղեց անդամակցելու եկեղեցիին եւ անոր կազմակերպութիւններուն՝ զօրաւոր հիմերու վրայ դնելու աղօթքի այս տունը: Ապա հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի օրուան իր պատգամը փոխանցէ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ողջունեց Ս. Սարգիս եկեղեցիին աշխարհագրական նոր տարածքի մը մէջ փոխադրութիւնը եւ շեշտեց կարեւորութիւնը համայնքէն ներս եկեղեցւոյ ներկայութեան, որ գալիք սերունդներուն համար պիտի հանդիսանայ հայօրէն ապրելու խթան մը: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ շրջանին մէջ լաւապէս կազմարկերպուի մեր ժողովուրդին հաւատքի կեանքը:
Սրբազան հօր հրաւէրով, ներկայ գտնուող բոլոր հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան:
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:
Ամէն Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Էմմանուէլ լուտերական եկեղեցւոյ մէջ, որուն հասցէն է՝ 6020 Radford Ave.: