ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2009ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30ին, Կլէնտէյլի «Պրանտվիու Քոլլէքշըն» ճաշարանի սրահին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ շրջանի ՀՕՄի 89րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովին՝ մասնակցութեամբ ընտրեալ պատգամաւորներու եւ հիւրերու, որոնց կարգին էին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի եւ հիւրաբար շրջանը գտնուող Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի, Հայաստանի փոխհիւպատոս Տիանա Ամիրխանեան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան անդամներ՝ ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ Նովա Հինտոյեան, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, ՀՕՄի Պատգամաւորական ժողովի Շրջ. վարչութեան հիւրեր Յասմիկ Տէրտէրեան եւ Մաքօ Մկրտիչեան, «Ասպարէզ»ի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պօղիկեան, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Ծննդատան տնօրէն տոքթ. Սեւակ Աւագեան, Ազգային վարչութեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, ՀՄԸՄի, «Համազգային»ի, ՀԵԴի, Ողնածուծի նուիրատուներու եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, պատգամաւոր ընկեր-ընկերուհիներ, ՀՕՄի հովանաւորներ, նուիրատուներ, համակիրներ ու անդամ-անդամուհիներ:
Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու ունկնդրումէն ետք յանձնախումբի անունով հանդիսութեան բացումը կատարեց Ալին Հապէշեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ընդգծեց. «Իր ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած այս կազմակերպութիւնը, կոչուած է ծառայելու իր ժողովուրդին: Այս համոզումով է, որ ան գործեց ամբողջ 100 տարիներ եւ նոյն ոգիով պիտի շարունակէ մինչեւ վերջ: 100ամեայ ՀՕՄի կարեւոր մասնիկներէն Արեւմտեան ԱՄՆի այս շրջանը, տարի մը եւս իր բեղուն գործունէութեամբ կը ներկայանայ ձեզի, որուն յաջողութիւններուն մասնակից դարձաք բոլորդ: Հաւատք, նուիրում եւ զոհաբերում ցուցաբերեցիք ՀՕՄին, իսկ ան ծառայութիւն, ծառայութիւն ե՛ւ ծառայութիւն մատուցեց բոլորին»: Ապա, բեմ հրաւիրեց Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը՝ վարելու հանդիսութիւնը:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ ձեռնարկի օրհնութենէն ետք, Շրջ. վարչութեան պատգամը փոխանցեց Վ. Պօղոսեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ընդգծեց Պատգամաւորական ժողովի կարեւորութիւնը՝ խնդրելով անոր մասնակիցներէն լուրջ մօտեցում, արդար վերլուծում եւ մանաւանդ առողջ կեցուածք ցուցաբերել քննելի իւրաքանչիւր հարցի նկատմամբ: Իսկ անդրադառնալով Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ՀՕՄին առաջ դրուած նոր մարտահրաւէրներուն՝ անհրաժեշտ գտաւ «վերաշխուժանալ, հզօրանալ եւ հարիւրամեայ փորձառութեամբ առաւել ինքնավստահութեամբ գործել Սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ: Այս իմաստով, անցնող տարուան ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը փորձեց նոր ուղիներ որդեգրել առաւել հետաքրքրութիւն եւ յարատեւութիւն արմատաւորելու համար, ՀՕՄի շարքերից ներս: Միութենական ամէնօրեայ պարտականութիւններին առընթեր մենք կեդրոնացանք ՀՕՄի քարոզչութեան վրայ, մեր համացանցը արդիականացնելու եւ յատկապէս մեր ապագայ գործունէութիւնը ծրագրելու հրամայականին վրայ: Այս իմաստով բաւական ճամբայ ենք կտրել եւ վստահ ենք սկսուած աշխատանքները պիտի շարունակուեն»:
Ապա, անդրադառնալով հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին նկատմամբ լուրջ պարտաւորութիւններ ունենալու հանգամանքին՝ ան ընդգծեց. «Մենք պարտաւոր ենք առանց տրտունջի կատարել այն, որ մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերը կը պահանջեն: Մենք իբրեւ գիտակից ՀՕՄուհիներ, պիտի չտարուենք անհիմն արտայայտութիւններով, մենք պիտի չասենք՝ «այլեւս բաւական է Հայաստանին, մենք մեզ նայենք»: Ո՛չ: Այս անձնասէր մտածում է: Այս անիմաստ արտայայտութիւն է: Մենք այստեղ ենք մեր հայրենիքին համար: Մենք այստեղ ենք աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին համար եւ կը հաւատանք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան»:
Իսկ ՀՕՄի 100ամեակը արժանավայելօրէն տօնախմբելու հեռանկարով ան դիմեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Սիրելիներ, կը գտնուենք ՀՕՄի 100ամեակի սեմին: Համաշխարհային մաշտապով պէտք է նշենք պատմական այս թուականը: Եւ ահա գեղեցիկ առիթ մը, որպէսզի մի անգամ եւս գիտակցինք պահի լրջութեան եւ միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած՝ արժանավայելօրէն տօնախմբենք մեր պաշտելի միութեան մի դար ծառայութիւնը:
«Ի՜նչ հրաշալի մտածում է եղել ՀՕՄի հիմնադրութիւնը: Այս առումով մենք երախտապարտ ենք յատկապէս Հայ օգնութեան միութեան հիմնադիր, Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի առաջնորդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն ազգային իտէալները կը համընկնին ՀՕՄի ծրագիրների եւ նպատակների, եւ որի հետ մենք կերտեցինք ամուր կառոյցներ՝ յատկապէս Սփիւռքի մէջ դաստիարակելով ազգանուէր սերունդներ»:
Եզրակացնելով, ընկերուհին կոչ ըրաւ ներկաներուն վերանորոգելու իրենց հաւատքը ՀՕՄին հանդէպ եւ միասնաբար գործելու հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներու իրագործման համար:
Շրջանի ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի պատգամը փոխանցեց Յովան Թաշճեան, որ խօսելով անցնող տարուն ընթացքին ՀՕՄին մօտ իբրեւ Կեդր. կոմիտէի կապ իր փորձառութեան մասին՝ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ «Այդ մէկ տարուան փորձառութիւնը, իմ կեանքս հարստացնող, իմ գիտելիքներս հարստացնող եւ ՀՕՄին նկատմամբ իմ մէջ յարգանքը եւ հաւատքը բազմապատկող փորձառութիւն մը եղաւ: Կարելի է ՀՕՄին ծանօթ ըլլալ, ՀՕՄը ճանչնալ այլապէս՝ իբրեւ գաղութի կազմակերպութիւն:
Սակայն երբ կը շփուիս մարդոց հետ, երբ կ՛առնչուիս այդ կազմակերպութեան, Շրջանային վարչութեան եւ անդամուհիներուն հետ, կը տեսնես որ սովորական կազմակերպութեան մը հետ չէ գործդ: Այդ կազմակերպութեան մէջ սիրտ կայ, հոգի կայ, յանձնառութեան գրաւ կայ, պատմութիւն կայ, եւ կայ այդ պատմութենէն թելադրուած յանձնառութեան այն ոգին, հաւատքը, զորս կը տեսնես իւրաքանչիւրի աչքին, գործերուն եւ առօրեային մէջ»:
Ապա, ակնարկ մը նետելով ՀՕՄի հիմնադրութեան եւ ստեղծման պայմաններուն Դաշնակցութեան լաւագոյն գործիչներէն Ակնունիի Ամերիկա գործուղման, որուն մէջ դեր խաղաց նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոն՝ ընկերը յստակօրէն ընդգծեց, թէ Ակնունիի մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ 1910ին, Նիւ Եորքի Մէջ Հայ օգնութեան միութեանը հիմնումը:
«ՀՕՄի հիմնադրութեան ակունքներուն մէջ Սիամանթոյի եւ Ակնունիի նման մեծ գործիչներու շունչը կայ, դերակատարութիւնը կայ: Մենք այդպիսի գործիչներու առնչութիւնը տեսնելով ամերիկահայութեան կեանքին մէջ, յատկապէս ՀՕՄի հիմնադրութեան գործին մէջ, կը տեսնենք, որ ինչպիսի՛ ամուր խարիսխի վրայ հիմնուած է այս հրաշալի կազմակերպութիւնը», ընդգծեց Թաշճեան:
Իսկ վերյիշելով Ֆրեզնոյի մէջ արտասանած Ակնունիի «Դէպի երկիր» նշանաւոր ճառը, ուր ան պանդուխտ հայերու կոչ կ՛ընէր վերադառնալու դէպի երկիր, «Այսօր «Դէպի երկիր» պատգամը մենք ՀՕՄի գործունէութեան ընդմէջէն իբրեւ իրականութիւն կ՛ապրինք Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ: Իբրեւ գործունէութիւն, իբրեւ կազմակերպական ներկայութիւն Ակնունիի «Դէպի երկիր» կանչին, «Դէպի երկիր» պատգամին անսալով՝ ՀՕՄը ներկայութիւն է այդ բոլոր շրջաններուն մէջ իր որբախնամ ծրագիրներով, իր մանկատուներու ծրագիրներով, կրթական եւ բազմապիսի այլ ծրագիրներով»:
Եզրակացնելով, ընկերը ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակին եւ անոր կողքին նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի առանձին միաւոր ըլլալու 25ամեակին լոյսին տակ, բարձր գնահատեց շրջանի ՀՕՄի գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՕՄի 89րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովին:
ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, որ նշեց, թէ ՀՕՄի 100ամեակի սեմին գումարուող ՀՕՄի բոլոր միաւորներու պատգամաւորական ժողովները զայն անկիւնադարձային թուականի մը պիտի վերածեն, յատկապէս հանրային-քարոզչական նախաձեռնութիւններով:
Ընկերուհիին հաստատումով, Կեդրոնական վարչութիւնը առաւել լայն տարողութեամբ պիտի անդրադառնայ իրեն համար եւս անկիւնադարձային նկատուող պատմական այս թուականին, յատկապէս երեք մակարդակներու վրայ՝ մտաւորական, ֆինանսական եւ կազմակերպական:
Ակնարկուած երեք մակադակներուն գծով յստակ բացատրութիւններ տալէ ետք, Վ. Մարաշլեան անոնց գործադրութեան պարտականութիւնը դրաւ բոլորին ուսերուն՝ շեշտելով. «Այս երեք հիմնական մակարդակներուն վրայ ՀՕՄի յառաջիկայ 100ամեակի գործունէութեան հիմքերը պարտինք հաստատել յառաջիկայ տարուան ընթացքին եւ այդ գործի ծրագրաւորման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ մեր բոլորին վրայ, ներառեալ ու յատկապէս այս ու այսօրինակ պատգամաւորական ժողովներուն եւ անոնց մասնակից իւրաքանչիւր ընկեր-ընկերուհիի ուսերուն:
Կասկած չունինք նաեւ, որ ՀՕՄն ու ՀՕՄականները այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու եւ անկէ պատուով դուրս գալու անհրաժեշտ ներուժը ունին: Այդ հաւատքով ալ յաջողութիւն կը մաղթենք Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքներուն»:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով հայրական իր պատգամը փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ 100ամեայ ՀՕՄը իբրեւ գուրգուրացող մայր ներկայացնելով՝ շեշտեց, թէ «Անոր ձեռքերը նման են մեր մօր ձեռքերուն, որոնք բանաստեղծին իսկ բառերով՝ «Ինչե՜ր ասես որ չեն արել …»:
Սրբազան հօր ընդգծումով եւս, «ՀՕՄի 100ամեակը պիտի ըլլայ հանգրուան մը, երբ մեզի առիթը պիտի ընծայուի ընդհանուր գնահատականը կատարելու դարաւոր գործունէութեան. աշխատանք, որուն բաժնեկից ու մասնակից են ամերիկեան ափերու ՀՕՄականները՝ Շրջանային վարչութիւններով, մասնաճիւղերով ու իրենց գործակից միաւորներով: Մեծ հարցականը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արդար գնահատական մը կատարել աշխատանքի մը, որ մեծ մասամբ տարուած է լուսարձակէ հեռու, հայ կնոջ յատուկ նուիրուածութեամբ, հետեւողականութեամբ ու առանց փողի ու թմբուկի…»:
Պատգամաւորական ներկայ ժողովը եւս ՀՕՄի աշխատանքներուն մանրանկարներէն մէկը համարելով՝ առաջնորդը օրհնեց անոր մասնակիցները, մաղթելով, որ Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքը ըլլայ բարի, իսկ քննարկումները՝ շինիչ:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազան հօր ճաշի սեղաններու օրհնութեամբ: Ներկաները հրամցուած համադամ ճաշերը ճաշակելէ ետք, ընտրեալ պատգամաւորներն ու հրաւիրեալ ՀՕՄուհիները մեկնեցան ՀՕՄի կեդրոն, ուր հանգամանօրէն սկիզբ առաւ ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի 89րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը: