ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 13ին, Թուրքիա եւ Եւրոպական միութեան անդամ չորս երկիրներ Անգարայի մէջ պաշտօնապէս համաձայնեցան իրենց հողամասերէն անցնող կազի նոր խողովակաշարի մը շուրջ, որուն նպատակն է Եւրոպան նուազ կախեալ պահել ռուսական բնական կազէն:
«Նապուքօ»ի ծրագիրը ներկայիս այդ նպատակը ամբողջովին պիտի չկարենայ իրագործել եւ իրողութեան մէջ կրնայ Ռուսիայէն կազի կարօտիլ՝ իր միջոցաւ 31 միլիառ խորանարդ կազ փոխադրելու համար:
Թուրքիոյ, Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Հունգարիոյ վարչապետները ստորագրեցին կեդրոնական Ասիոյ կազի հարստութիւնը Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի կապող խողովակաշարին շուրջ համաձայնութիւնը։ Իրաք, Եգիպտոս եւ Սուրիա Երկուշաբթի օր պատրաստակամութիւն յայտնեցին կազ տրամադրելու։ Թուրքմէնիստան Ուրբաթ օր նման պատրաստակամութիւն յայտնած էր, սակայն Ատրպէյճան բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ծրագրին «առաջնահերթութիւն կ՛ընծայէ»։
Եւրոասիական ուժանիւթի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ռիչըրտ Մորնինկսթար եւ ծերակուտական Տիք Լուկըր յայտնեցին, որ Ռուսիա եւս կրնայ միանալ ծրագիրին։ Սակայն Լուկըր ըսաւ, որ Իրան ծրագիրէն դուրս պէտք է ձգուի մինչեւ բարելաւէ Արեւմուտքին հետ իր յարաբերութիւնները։
«Նապուքօ» ծրագիրի ստորագրութեան ներկայ էր նաեւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի, իսկ անկէ կը բացակայէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լոնտոն կը գտնուէր։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի խորհրդարանի տնտեսական քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ եւ Ատրպէյճանի նախկին փոխվարչապետ Վահիտ Ահմատով յայտնեց, որ կասկածներ ունի ծրագրի մօտալուտ իրականացման նկատմամբ: Ան նշած է, որ «Խողվակաշարը կարիք ունի 31 միլիառ խորանարդ կազի, սակայն կազի մատակարարման աղբիւրները անծանօթ կը մնան»։
«Ատրպէյճան նախապէս խոստացած էր ծրագրին 26 միլիառ խորանարդ կազ տրամադրել, սակայն հետագային Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Պաքու միայն տարանցիկ երկիր պիտի ըլլայ, սակայն նաեւ կրնայ «Նապուքօ»ի որոշ օժանդակութիւն տրամադրել։ Թուրքմենիստան իր կազին գրեթէ ամողջ ծաւալը Ռուսիոյ ծախեց։ Իրան եւ Քաթար այս ծրագիրին կազ պիտի չտրամադրեն։ Ուստի ինծի համար դժուար է ըսել, թէ ան կազի ի՛նչ աղբիւրներ պիտի ունենայ», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ այս ծրագիրը Ատրպէյճանի համար շահաւէտ է, որովհետեւ շարք մը խողովակաշարներու ներկայութիւնը Ատրպէյճանի համար նպաստաւոր է։