ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- «Արի տուն» ծրագիրով այսօր Հայաստան կը ժամանէ սփիւռքահայ 137 երիտասարդ: Երկու շաբաթ անոնք պիտի բնակին հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ: Այդ ընտանիքները ընտրուած են սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
«Ընտանիքները պէտք է բարեկեցիկ լինէին», «Նովոստի» մամլոյ ակումբին մէջ տուած ասուլիսին ընթացքին յայտնած է ծրագրի ղեկավար Ժենիա Ազիզեան: «Արի տուն» ծրագրի հետապնդած կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն է, որ սփիւռքահայ երեխան բնակի հայաստանեան հիւրընկալ, անշահախնդիր ընտանիքի մէջ: Հիւրընկալ դառնալ փափաքող ընտանիքներուն թիւը հասած է հինգ հարիւրի ու այդ թիւը օրէ օր կ՛աւելնայ: Կառավարութիւնն ալ այս ծրագրին համար յատկացուցած է քսանհինգ միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.