Եւ կը պահանջեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականը:
Արհեստագիտութեան ծնունդ բառ մըն է «պլակ», որ «Ուէպ Լակ» բառերու միացումէն յառաջ եկած է, եւ որ կը նշանակէ կայքէջի յատուկ վայր մը, ուր «պլակըր»ը կ՛արձանագրէ իր միտքերը, իր կարծիքները, իր առօրեան: Ձեւով մը՝ համացանցային օրագիր:
Հաղոդակցութեան այս միջոցը տեղեկատուական եւ գաղափարներու տարածման հզօր զէնք մը դարձած է, շնորհիւ այն փաստին, որ ունի հետեւորդներու բանակ մը, որ այդ օրագիրներուն մէջ կը փնտռէ ընդհանրապէս հետաքրքրական, յաճախ այլապէս արգիլուած կամ սահմանափակուած լուրեր, եւ կամ պարզապէս՝ անկաշկանդ արտայայտութիւններ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Մինսկի երեք համանախագահներուն տխրահռչակ յայտարարութիւնը ողջունելով՝ յառաջացուցած է հայ «պլակըր»ներու զայրոյթը, այնքան, որ անոնց մէջ շարժում մը յառաջացած է՝ նախարարին հրաժարականը պահանջող:
«Մենք կը հաւատանք, որ (մատրիտեան) սկզբունքները կործանարար են Հայաստանի հանրապետութեան համար», կը գրեն հայ «պլակըր»ները միացեալ յայտարարութեան մը մէջ, որուն տակ ստորագրութեան արշաւ մը սկսած է երէկ:
«Պլակըր»ները կը դատապարտեն Հայաստանի իշխանութիւնները մատրիտեան սկզբունքները գաղտնի պահած ըլլալուն եւ տակաւին՝ բանակցութիւնները այդ սկզբունքներով շարունակելուն համար, ինչպէս նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն կը պահանջեն անմիջապէս պաշտօնէ ազատել արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
Երէկուան դրութեամբ, 150 «պլակըր»ներ ստորագրած են սոյն յայտարարութիւնը:
Արշաւը կը շարունակուի:
Ի՞նչ պիտի գրէիք դուք, ձեր օրագիրին մէջ՝ համացանցի վրայ, թէ ձեր սեփական ծոցատետրին մէջ: Կրնա՞ք կիսել մեզի հետ ձեր կարծիքը: Թերթն ալ օրագրութեան վայր մըն է, չէ՞: