ԼՈՆՏՈՆ, «Իթար-Թասս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լոնտոնի մէջ Թագաւորական միջազգային հարցերու հիմնարկին՝ «Չէթըմ Հաուս»ի մէջ, Երկուշաբթի, Յուլիս 13ին արտասանած ճառին մէջ մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան գաղափարը, ինչպէս նաեւ շեշտած է, թէ տագնապին զինուորական լուծում չի կրնար բացառել։
Ան ըսած է, որ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման աւելի քաջալերական ուժականութիւն գոյացած է. նախնական արդիւնքներ գոյութիւն ունին, սակայն անոնք, առ այժմս, վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակին համար բաւարար չեն»։
Ալիեւ յայտնած է, որ բանակցութեան գործընթացը «աւելի խոստումնալից» դարձած է, սակայն հայկական ուժերուն կոչ ուղղեց հեռանալու շրջանէն։
Ատրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ անցնող 15 տարիներու ընթացքին, «կ՛ապրինք այն պայմաններուն մէջ, ուր ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն կայ»։ Ան շեշտած է, որ տագնապի որեւէ լուծում պէտք է ներառէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանումը։ «Կը հասկնանք Հայաստանի մտահոգութիւնը եւ պատրաստ ենք Լեռնային Ղարաբաղի հարկ եղած ինքնավարութեան մակարդակը տրամադրելու, սակայն միայն Միացեալ Ատրպեճանական պետութեան ծիրին մէջ»։
«Լեռնային Ղարաբաղ երբեք պիտի չճանչցուի իբրեւ անկախ պետութիւն։ Այդ մէկը սպասելը զաւեշտական է», ըսած է ան։ Ալիեւ նաեւ նշած է, որ տագնապին առնչակից կողմերը պէտք է յստակ կերպով գիտակցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այդ մէկը կը հակասէ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն եւ գլխաւոր միջազգային կազմակերպութիւններուն, ներառեալ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն։
«Ատրպէյճան յանձնառու է տագնապի խաղաղ լուծման. անցնող 15 տարիները մեր յստակ դիրքորոշումը փաստեցին», նշած է ան՝ աւելցնելով.
«Դժբախտաբար զինուորական լուծում մը չեմ կրնար բացառել, որովհետեւ միջազգային օրէնքներու վրայ հիմնուած իրաւունք ունինք մեր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու, բան մը, որ ոչ իսկ մէկ երկիր հարցականի տակ կ՛առնէ։ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած բոլոր հողամասերը, անոր հողամասերուն քսան առ հարիւրը պէտք է ազատագրուի հայկական բռնագրաւումէն։ Այսօր Ատրպէյճան ունի ուժեղ եւ արդիական զինեալ ուժեր, որոնք կարողութիւնը ունին երկրին հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու», ըսած է Ալիեւ։
Այս բոլորէն ետք Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, թէ Պաքու «մտադիր է տագնապի լուծումը խաղաղ միջոցներով փնտռել»։