ՆՈՐԹ ԵՈՐՔ, Օնթարիօ.- Քանատայի դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Յուլիս 15ին որոշած են 2 միլիոն տոլար յատկացնել Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի վերանորոգութեան նպատակին, Քանատայի եւ անոր Օնթարիօ նահանգի ժամանցի ենթակառոյցի զարգացման ծրագիրներուն ընդմէջէն:
Քանատայի խորհրդարանի անդամ Պապ Տէշէր Հայ կեդրոնին համար «հրաշալի լուր» որակեց այս որոշումը եւ աւելցուց, թէ անոր իրագործումը ոչ միայն հայկական համայնքին համար մեծ իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ, այլ նաեւ պիտի նպաստէ ամբողջ շրջանի տնտեսութեան բարելաւման:
Նահանգային խորհրդարանէն երեսփոխան Տէյվիտ Քափլան աւելցուց, թէ նահանգային իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են գիտակցելով, որ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը «վերջին 30 տարիներուն ընթացքին սպասարկած է շրջանի հայկական համայնքին՝ աւելի քան 30,000 հոգիի»: Ան աւելցուց, թէ Օնթարիօ աւելի հիւրընկալ նահանգ մը դարձնել միտող այս քայլին շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ Հայ կեդրոնը նորոգել, ընդարձակել ու արդիականացնել:
Հայ կեդրոնի վարչութեան ատենապետ Արա Քէրճիքեան եւս ողջունեց Քանատայի եւ Օնթարիոյ իշխանութեանց այս առատաձեռն աջակցութիւնը՝ աւելցնելով, թէ անոր շնորհիւ զգալիօրէն պիտի արագանայ կեդրոնին նորոգութիւնը, միաժամանակ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելով շրջանին մէջ: