Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Տենդը մեր մարմնի ջերմաստիճանին բարձրացման ազդանշանն է, որ յաճախ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կը վերադառնայ իր բնական աստիճանին։
Տենդը բնական պաշտպանողական գործընթաց մըն է, եւ ինքնին վտանգաւոր երեւոյթ մը չէ ընդհանրապէս։ Ան հիւանդութիւն մը չէ, այլ հիւանդութեան մը դէմ ստեղծուած պաշտպանողական միջոցառում մը:
Ան նկատուած է մարմնի դիմադրողականութեան միջոց մը հակակշռելու համար մարմնին դէմ ներկայացուած վտանգ մը եւ կամ կացութիւն մը։
Տենդի պատճառները՝
1. Ժահրային եւ կամ մանրէական բորբոքումներ եւ վարակներ.
2. Խլիրդ, քաղցկեղ.
3. Միջավայրային ազդակներ.
4. Կարգ մը դեղերու գործածութիւն.
5. Դիմադրողականութեան նուազում.
6. Մարմնի հիւսուածքներու բնաջնջում՝ վիրաբուժական գործողութիւններ եւ մարմնական վնաս-հարուածներ.
7. Արեւահարութիւն եւ ջերմահարութիւն.
8. Անյայտ պատճառներ.
Տենդը ընդհանրապէս ժահրային եւ կամ մանրէական բորբոքումի մը ցուցանիշն է։ Անոր զարգացման անմիջական պատճառն են ջերմածին նիւթերը, որոնք կու գան արտաքին եւ ներքին աղբիւրներէ։ Արտաքին աղբիւրներն են՝ արտաքին շրջապատէն դէպի մեր մարմինը թափանցող ժահրերն ու մանրէները. իսկ ներքին աղբիւրն են մարմնի որոշ հիւսուածքներու բջիջները։ æերմածին նիւթերը հասնելով ուղեղ՝ գործի կը մղեն անոր ջերմականոնաւորման կեդրոնը, որ իր հրահանգներով կը կանոնաւորէ մարմինին ջերմաստիճանը երկու միջոցառումներով՝ ջերմառաջացումով եւ ջերմատուութեամբ։
Տենդը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն։ Ժամանակաւոր տենդը կը պատահի օրուան որոշ մէկ ժամուն եւ որոշ տեւողութեամբ. մնայուն տենդը երկարատեւ է. ան կրնայ տեւել օրեր եւ կամ շաբաթներ։
Տենդը ջերմաստիճանի անբնական բարձրացումն է, որ կը յառաջանայ երեք ձեւերով՝
1. Մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում.
2. Մարմնի ջերմատուութեան դանդաղում.
3. Միատեղ մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում եւ ջերմատուութեան դանդաղում.
Տենդը կը զարգանայ երեք հանգրուաններով՝
1. æերմաստիճանի բարձրացման հանգրուան.
2. Բարձր ջերմաստիճանի պահպանման հանգրուան.
3. æերմասատիճանի նուազեցման հանգրուան.
Առաջին հանգրուանին տեղի կ՛ունենայ ջերմառաջացում, որ հետեւանքն է մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի գործընթացին եւ ջերմատուութեան, որ իր կարգին հետեւանքն է մարմնի մակերեսի եւ ծայրամասերու զարկերակներու ընդլայնումին։ Այս հանգրուանին ջերմառաջացումը կը գերակշռէ ջերմատուութիւնը։
Երկրորդ հանգրուանին կը սաստկանան ջերմառաջացումը եւ ջերմատուութիւնը.
Երրորդ հանգրուանին ջերմատուութիւնը կը գերազանցէ ջերմաառաջացումը եւ տեղի կ՛ունենայ առատ քրտինքի արտատդրութիւն։
Տենդը կ՛ունենայ երկու կարեւոր անդրադարձներ մարմինին վրայ՝
1. Դրական անդրադարձ. այս պարագային կ՛աշխուժանայ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութիւնը, հակամարմիններու արտադրութիւնը, արեան շրջագայութիւնը եւ լեարդի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ արեան սպիտակ գնդիկներու արտադրութիւնը։
2. Բացասական անդրադարձ. այս պարագային տեղի կ՛ունենան կեդրոնական նեարդային, սրտանօթային եւ ստամոքս-աղիքային համակարգերու գործունէութեան խանգարումներ, ինչպէս նաեւ սպիտակուցային (protein), ճարպային, ածխաջրատային (carbohydrate) նիւթափոխանակութեան խանգարումներ։ Մարմնի ջերմութեան մէկ աստիճան բարձրացումով, մարմինը կը կարօտի բնականէն 16 տոկոս աւելի թթուածին։ Այս յաւելեալ թթուածինի պահանջքը յաւելեալ աշխատանքի կը մատնէ կեդրոնական նեարդային, սրտանօթային եւ շնչարական համակարգերու գործունէութիւնները, որոնց ձախողութեան պարագային, ի յայտ կու գան մտահոգիչ եւ հիւանդագին երեւոյթներ։
Տենդի ազդանշանները կ՛ընթանան երկու հանգրուանային զարգացումով՝
1. Տենդի սկզբնաւորութեան հիւանդը կ՛ունենայ դող եւ մարմինի մակերեսային պաղութիւն. դողը հետեւանքն է մկանային պրկուածութեան, իսկ մարմինի մակերեսի պաղութիւնը հետեւանքն է՝ արեան շրջագայութեան նուազումին։
2. Տենդի զարգացումով հիւանդը կ՛ունենայ ջերմատուութեան նշաններ՝ մկանային թուլութիւն, քրտինք, մորթի կարմրութիւն եւ ջերմութիւն, որ հետեւանքն է արեան շրջագայութեան բարելաւման:
Տենդը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր, սակայն աչալուրջ ըլլալու ենք ախտաճանաչելու անոր հիմնական պատճառը, որպէսզի հեռու մնանք անսպասելի եւ անհաճոյ երեւոյթներէ։
Տենդը շուտով դարմանելու պարտաւորութիւն չունինք. ընդհակառակը տենդը մեզ մղելու է ահազանգի՝ անդրադառնալու եւ գիտնալու համար տեղի ունեցած անբնական կացութիւնը, որ յառաջացուցած է զինք։ Սակայն եւ այնպէս, հակաջերմ դեղերու գործածութիւնը յաճախ յանձնարարելի է՝ հեռու մնալու համար տենդի հետեւանքով պատահելիք բարդութիւններէն։ Հակաջերմ դեղեր կ՛ազդեն ուղեղի ջերմականոնաւորման կեդրոնին վրայ եւ կը պատահի զարկերակային լայնացում-թուլացում, որ կը յառաջացնէ քրտինք եւ ջերմատուութիւն-կորուստ, եւ ի վերջոյ՝ մարմինի ջերմաստիճանի նուազում։
Երկարատեւ տենդով յառաջացած ջրազրկումի դարմանումը շատ աւելի հիմնական եւ պարտաւորիչ է։
Ծնողներ, առանց շփոթի եւ իրարանցումի, շատ հանդարտութեամբ պէտք է դիմագրաւեն իրենց մանկան տենդը. երբ ջերմաստիճանը 38.5 սանթիկրէյտի շուրջ է, մանուկին կը տրուի առատ հեղուկ եւ պարզ հակաջերմ դեղեր։ Հարկ է զգուշանալ մանուկին Ասբիրին տալէ, որովհետեւ ան կրնայ յառաջացնել ուղեղային խանգարում։
Աւելի բարձր ջերմաստիճանի պարագային, նախքան բժիշկին դիմելը, ծնողքները պէտք է գործադրեն հետեւեալ միջոցառումները.
1. Մանուկին տալ հակաջերմ դեղ.
2. Պահել զինք պաղ ջուրի մէջ.
3. Ճակատին դնել սառով պաղ ջուրի տոպրակ.
4. Հաստ հագուստը փոխանակել բարակ հագուստով.
5. Պաղ հեղուկ խմցնել.
6. Ամառ օրերուն հովահար գործածել սենեակին ջերմաստիճանը 21-22 սանթիկրէյտի շուրջ պահելու համար.
Այս բոլորը պէտք է գործադրել, որպէսզի մանուկին ջերմաստիճանը պահուի 39ի շուրջ եւ ան չունենայ մարմնական ցնցումներ։
Ծնողքը բժիշկի պէտք է դիմէ, երբ մանուկին մարմնական ջերմաստիճանը մնայ բարձր, այսինքն՝ 40 սանթիկրէյտէ վեր, հակառակ կատարուած բոլոր միջոցառումներուն։ Հոս կ՛ուզենք զգուշացնել ծնողները շատ կարեւոր յիշեցումով մը. բնա՛ւ ալքոլ չգործածել մանուկին մարմինին վրայ, այսինքն՝ մանուկին մորթը ալքոլով չշփել։
Տենդ ունեցող անհատը շտապ օգնութեան կը կարօտի հետեւեալ պարագաներուն.
1. æերմաստիճանը երկու օրէն աւելի 40 սանթիկրէյտէ վեր մնայ.
2. Տենդին հետ միատեղ, անհատը գանգատի զօրաւոր գլխացաւէ, վիզի անշարժացումէ եւ մարմնական ընդհանուր տկարութենէ.
3. Ենթական մատնուած ըլլայ շփոթութեան եւ շնչահեղձութեան.
4. Ենթական ունենայ նաեւ յստակ հիւանդագին այլ ախտանշաններ՝ խուխով հազ, կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, ականջի ցաւ եւ փորհարութիւն.
5. æրանուազումի նշաններ յայտնուին:
Մոնթրէալ, Յուլիս 10, 2009