Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ թիւով խօսած էինք զանազան դժուարութիւններու մասին, որոնք կեանքի ընթացքին մտահոգութիւններ են մեզի համար եւ կրնան մեր խաղաղութիւնն անգամ խանգարել: Այս թիւով կը շարունակենք անոնց շարքը՝ զգուշանալու եւ անոնց հանդէպ առողջ կեցուածք որդեգրելու համար:
1- Առողջութիւն: Կեանքի առաջին տարիներուն անոնք, որոնք լուրջ առողջական հարցեր չունին ընդհանրապէս, չեն մտահոգուիր իրենց առողջութեամբ, որովհետեւ անիկա բնական պարգեւ մը կը սեպեն: Տարիներու յառաջացումով, առողջապահական օրէնքներու խախտումով եւ ժամանակի ընթացքին դժուարութիւններու բարդացումով, շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ, առողջական գետնի վրայ: Այն ինչ, որ մեզի համար երբեք ուշադրութեան առարկայ իսկ չէր, կրնայ դառնալ մշտական մտահոգութիւն՝ զուգորդուած յաւիտենական կասկածի ու վախի հետ: Պատրաստուած պէտք է ըլլալ նաեւ որ միջին տարիքէն սկսեալ կը յայտնուին որոշ ցաւեր, որոնք անծանօթ էին մեզի: Չափազանցուած կերպով պէտք չէ վախնալ այդ վիճակէն, այլ հարկ է կեդրոնանալ միայն դրական մասնիկներուն վրայ, որոնք կրնան բարելաւել առողջութիւնը: Օրինակ, կարելի է լաւ սննդականոն մը որդեգրել, կամ մարզանքի հետեւիլ եւ աւելի դրական մտածելակերպ որդեգրել: Այս բոլորը կրնան նպաստել աւելի լաւ առողջութեան եւ ենթական կրնայ բարելաւել իր վիճակը, մինչ անոնցմով մտահոգուելով աւելի պիտի բարդացնէր զայն:
2- Դրամ: Իրականութիւնը հետեւեալը կ՛ըսէ. նոյնիսկ անոնք, որոնք շատ աւելի նիւթական լաւ պայմաններու մէջ են, կրնան յանկարծ զանազան նիւթական դժուար պարագաներու ենթարկուիլ, յանկարծակի ծախսերու եւ անակնկալ գործի կորուստներու պատճառով: Մասնագէտ հոգեբան մը կը յայտնէ, թէ այն մարդոց համար, որոնք սիրոյ, հեղինակութեան եւ ինքնավստահութեան պակաս ունին, դրամը ամբողջացնող ազդակ մը կը դառնայ, կամ նոյնիսկ անով հագենալու համոզումը կու տայ մարդոց:
Նիւթական հաւասարակշռութիւն ապահովելու համար, անհրաժեշտ է ցանկագրել մեր ունեցած պահանջները ու անոր դիմաց արձանագրել մեր ունեցած նիւթական պիւտճէն, նաեւ նշել անպայման խնայելու հնարաւորութիւնը: Խնայելով աւելի ապահով կրնանք զգալ: Կարեւոր է նաեւ, որ իւրաքանչիւր անձ ճշդէ, թէ իրեն համար դրամը ի՛նչ իմաստ ունի: Արդեօ՞ք անիկա ապահովութիւն կը նշանակէ, թէ յաջողութիւն, կամ հպարտութիւն ու բարոյական արժանիքներ: Նաեւ դուք ձեզ եւ ձեր ուրախութիւնը երբեք մի համեմատէք աւելի հարուստ մարդոց հետ: Այդպէս միշտ աւելի տխուր պիտի զգաք:
3- Հաստատ եւ կայուն յարաբերութիւններ: Յարաբերութիւնները ընդհանրապէս մարտահրաւէրներ կը բանան մեր առջեւը: Երբեմն կայուն ընկերութիւն մը պահպանելու համար կը հանդիպինք դժուարութիւններու, որոնք կրնան ճնշել մեզ, իսկ երբեմն ալ զանոնք կորսնցնելու վախը կ՛ապրինք: Մանաւանդ, եթէ որոշ չափով անհաւատարիմ սիրոյ ոդիսական մը ապրած էք կամ քայքայուած ու առանց սիրոյ ամուսնութեան մը պտուղն էք. աւելի դժուար է անձի մը վստահիլ այդ դժուար փորձառութենէն ետք: Նման պարագաներու, թէ՛ ձեր կողակիցին եւ թէ՛ ձեր ընկերներու պարագային անպայման ձեր ապրումները քննութենէ անցուցէք: Սերտեցէք ու գրի առէք այդ բոլորը, որ ձեզ կ՛անհանգստացնեն ձեր ընկերոջ կամ կողակիցին վարմունքներուն մէջ: Այն մտահոգութիւնները, որոնք թուղթին կը յանձնէք աւելի բաց մտքով կրնաք զանոնք տեսնել եւ լուծել: Սերտեցէք նաեւ թէ որքանո՞վ արդարացի էք ձեր մտահոգութեան կամ վախին պարագային: Մի չափազանցէք եւ իւրաքանչիւր երեւոյթ խոշորացոյցով դիտելու փորձութեան մի մատնուիք: Ուրիշ դժուարութիւններ եւ նաեւ ուրիշ անհամաձայնութիւններ մի բարդէք այս յարաբերութեան ուսերուն: Այդ պարագային, անպայման ձախողութեան կը մատնէք զայն:
Ուրախանալու եւ ուրախ պահելու արուեստը մեր ձեռքն է յաճախ, բայց զայն չենք կրնար տեսնել ու երբեմն մեր սեփական ձեռքով իսկ կը խանգարենք:
Անպայման մտահոգուինք ի հարկին, որովհետեւ անիկա առողջ վիճակ է ու արդար փաստ մըն է մտածելու եւ հոգատար ըլլալու, սակայն երբե՛ք չսարսափինք այդ մտահոգութենէն: Վստահ ըլլանք, որ ամէն ինչի համար չափաւոր արժէքն ու ժամանակը կը տրամադրենք եւ ոչ աւելին կամ նուազը:
Միայն չափաւորի եւ իրական արժէքի գիտակցութիւնն է, որ կրնայ լաւ արդիւնքի հասցնել մեզ: