ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլու Թուրքիոյ պետական կայանի յայտագիրներէն մէկուն մասնակցելով՝ խիստ յայտարարութիւններ ըրաւ գրաւեալ Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն մասին, դիտել տալով, որ Կիպրոսի հարցին ձգձգումը այս կերպով չի կրնար շարունակուիլ: «Այսօրուան կարգավիճակը ընդունելի չէ, եթէ ոմանք պիտի ուզեն պնդել այս կարգավիճակին վրայ, Թուրքիա պիտի չընդունի։ Կիպրոսի հարցը կա՛մ պիտի լուծուի, կա՛մ պիտի լուծուի», ըսաւ Տավութօղլու, որուն երկիրը տագնապը յառաջացուցած էր 1974ին՝ գրաւելով կղզիին հիւսիսային մէկ երրորդը:
Ղարաբաղեան հարցին մէջ, Տավութօղլու դիտել տուաւ, որ հայերը թերեւս կը մտածեն, թէ այսօրուան կարգավիճակը այսպէս պիտի շարունակուի, «սակայն նոյնիսկ եթէ 170 տարի շարունակուի, ասիկա բնականոն չի կրնար դառնալ, ասիկա բռնագրաւում մըն է»։
«Թուրքիոյ վերջնական նպատակն է ապահովել Ղարաբաղի բռնագրաւման վախճանը եւ Հայաստանի հետ մշակել բնականոն յարաբերութիւններ: Երկու ժողովուրդները թող մերձենան իրարու», ըսաւ Տավութօղլու։