ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան ներմուծուած է 9155 ինքնաշարժ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 20,047ի դիմաց: Ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսային ծառայութեան տուած տեղեկութեան, այս տարուան առաջին կիսամեակին ներմուծուած ինքնաշարժներուն դիմաց գանձուած է 10 միլիառ 967 միլիոն դրամ։ Ներմուծուած ինքնաշարժներուն 1381ը եղած է ռուսական:
Նաեւ, այս տարուան նշուած ժամանակաշրջանին Հայաստան ներմուծուած ինքնաշարժներուն 2700ը ունեցած է մինչեւ 5000 տոլար, 3365ը՝ 5-10 հազար, 1150ը՝ 10-15 հազար, 1332ը՝ 15-30 հազար, իսկ 608ը՝ 30 հազարէն աւելի արժէգին: