Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 89րդ Տարեկան Շրջանային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 9-12 Յուլիսին, Կլէնտէյլի մէջ:
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը առաջին նիստով կազմեց իր դիւանը հետեւեալ ձեւով.
Սօսի Փօլատեան՝ ատենապետուհի
Արուս Մելքոնեան՝ փոխատենապետուհի
Ռիթա Հինդլեան՝ ատենադպրուհի
Մաքօ Սեդրակեան՝ գանձապահուհի
Աստղիկ Շիթիլեան, Անի Կիրակոսեան, Սոնա Մատարեան, Վիքի Գաթարոյեան (Ֆրեզնօ) եւ Յասմիկ Գոզանեան (Օքլընտ)՝ խորհրդականներ:
«Նորընտիր վարչութեանս անդամներուն հետ յաւելեալ խանդով եւ ծառայական ոգիով պիտի դիմագրաւենք ՀՕՄի հարիւրարմեակը, որուն ընդմէջէն լաւագոյնս պիտի ծառայենք մեր ժողովորւդին՝ թէ՛ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին եւ թէ՛ հայրենիքին մէջ», յայտնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանը: