ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին, նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 24ին այցելած է «Արմէնիա» միջազգային օդակայան՝ ծանօթանալու համար այնտեղ կառուցուող նոր համալիրի շինարարական աշխատանքներուն:
Համալիրը ամբողջութեամբ պիտի գործէ 2011ին, եւ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ տարեկան 3 միլիոն ուղեւորի սպասարկելու:
Հայաստանի նախագահը նաեւ ծանօթացած է ուղեւորներու սպասարկման գործընթացի կազմակերպման: