ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- ՀՕՄի Տիթրոյիթի մասնաճիւղը իր հինգ ենթամասնաճիւղերով՝ «Սիպիլ», «Շաքէ», «Ցոլիկ», «Մարօ» եւ «Զապէլ», տօնախմբեց Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը՝ աւելի քան 150 հայորդիներու մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հարիւրամեակի յանձնախումբի անդամներուն կողմէ յղացուած նոր գաղափարով մը: Մասնակիցներուն ժամադրավայրն էր St. Clear Shore-ը, Կիրակի, Յունիս 7ի յետմիջօրէին, իսկ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Ovation» եռայարկ շքեղ զբօսանաւուն վրայ:
Ժամը 4:15էն մասնակիցներ արդէն սկսած էին հաւաքուելու՝ սպասելով նաւակայմի եւ 100ամեակի յանձնախումբի անդամներու ցուցմունքներուն: Ներկաները հիւրընկալուելէ ետք նաւը ձգեց քարափը՝ սկսելով չորս ժամուան շրջապտոյտը Տիթրոյիթ գետին վրայ:
Օրուան հանդիսավար ընկերուհի Թալին Յակոբեան հրաւիրեց ընկերուհիներ Սոնա Մշիկեան եւ Սոնա Տէր Յովակիմեան՝ երգելու ՀՕՄի քայլերգը, որմէ ետք բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ՀՕՄուհիներուն, համակիրներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ներկայ կղերականներուն՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Տարօն քհնյ. Ստեփանեանի եւ Ս. Վարդան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Անտոն վրդ. Ադամեանին, Կեդր. վարչութեան անդամ Շաքէ Պասմաճեանի եւ Շրջ. վարչութեան անդամ Անի Ադդարին:
Ան ողջունեց նաեւ ներկայութիւնը գաղութի բարերար եւ Կիլիկիոյ Իշխան Ժան եւ Ռոզ Մանուկեաններուն, ապա հրաւիրեց օրուան հիւր բանախօսը՝ ՀՕՄի երկար տարիներու ծառայող եւ 100ամեակի յանձնախումբի ատենապետուհի Անժէլ Մանուկեանը:
Ա. Մանուկեան յամառօտ կերպով անդրադարձաւ ՀՕՄի կարեւոր դերին՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ ի տես երիտասարդ սերունդի մասնակցութեան թէ՛ ձեռնարկին եւ թէ՛ ՀՕՄի շարքերէն ներս: Ապա հրաւիրուեցաւ Տարօն քհնյ. Ստեփանեան ճաշը օրհնելու եւ իր պատգամը փոխանցելու:
Տէր հայրը նախ շնորհաւորեց ՀՕՄի հարիւրամեակը, ապա վեր առաւ ՀՕՄի տարած աշխատանքը, քաջալերեց նոր սերունդի մասնակցութիւնը ՀՕՄի աշխատանքներուն եւ մաղթեց, որ ՀՕՄի ոսկեայ սիրտը շարունակէ բաբախել յաջորդ հարիւրամեակներուն:
Այնուհետեւ ներկաներուն հրամցուեցան զանազան ճաշատեսակներ եւ համադամ աղանդերներ:
Գեղարուեստական բաժինը ստանձնած էր գաղութի ճանչցուած արուեստագէտ Թամ Կրճիգեանը, որ իր նուագներով ճոխացուց մթնոլորտը: Անոր միացաւ նաեւ երգիչ Սէմ Ալաճաճեան, որ աշուղական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու կատարումներով նոր զարկ տուաւ մթնոլորտին: Իսկ ներկաները, խանդավառուած մթնոլորտէն՝ նաւուն երրորդ յարկը վերածեցին հանդիսասրահի, իրենց հայկական շուրջպարով եւ ազգային երգերով:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին իրարու՝ իւրաքանչիւրը յատուկ յուշանուէր մը ստանալէ ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.