ԵՐԵՒԱՆ.- Ոստիկանութեան լրատուական բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ Շաբաթ օր, կէսօրուան ժամերուն, Վազգէն Սարգսեան փողոցին վրայ, (Հրապարակին մօտ, «Արմէնիա» հիւրանոցէն քիչ մը անդին) ատրճանակի եւ դանակի սպառնալիքի տակ կողոպտուած են արժանթինցի երեք զբօսաշրջիկներ:
Աւազակները երեք հոգի եղած են: Անոնք զբօսաշրջիկներէն յափշտակած են շուրջ երկու հազար տոլար, լուսանկարչական գործիք մը եւ անցագիրները:
Երեւանի մէկ այլ թաղամասին մէջ, նոյն օրը կողոպուտի ենթարկուած են հոլանտացի երկու զբօսաշրջիկներ՝ անոնց պատճառելով շուրջ հինգ հազար տոլարի վնաս: