ՔՐԱՔՈՎ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները անցեալ շաբաթավերջին, Քրաքովի մէջ երկօրեայ աշխատանքային հանդիպումի ընթացքին պատրաստած են Մատրիտեան փաստաթուղթի վերախմբագրուած տարբերակը, որ, ըստ Մէթիու Պրայզայի, հիմք կրնայ դառնալ ղարաբաղեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները աւարտուն տեսքի հասցնելու համար:
Յուլիս 27ին, Պրայզա «Ազատութիւն» ռատիօկայանի թղթակիցին յայտնած է, թէ «Քրաքովի մէջ համանախագահները արդիւնաւէտ եւ ստեղծագործ քննարկումներ ունեցան անցեալ քանի մը օրերուն: Մենք ամենայն զգուշութեամբ կշռադատեցինք 2007ի Նոյեմբերէն՝ մատրիտեան փաստաթուղթի ներկայացումէն ի վեր, երկու կողմերու արտայայտած դիրքորոշումները: Այնուհետեւ, հիմք ընդունելով 2009ի Յուլիսի 10ին մեր երեք նախագահներու յայտարարութեամբ տրուած ցուցումը՝ մենք պատրաստեցինք Մատրիտեան փաստաթուղթի նորոգուած տարբերակը»:
ԵԱՀԿի համանախագահները երախտագիտութիւն յայտնած են Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանին, «որոնց ջանքերու շնորհիւ կարելի եղած է դնել մատրիտեան փաստաթուղթի հիմքերը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Մ. Պրայզա աւելցուցած է. «Մենք երախտապարտ ենք նաեւ նախագահ Սարգսեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանին այն զգալի յառաջընթացին համար, որուն կարելի եղաւ հասնիլ բարդ, բայց կառուցողական քննարկումներու ընթացքին: Այդ յառաջընթացի շնորհիւ հնարաւոր եղաւ, որ մենք ետին թողունք մատրիտեան փաստաթուղթը: Մենք այժմ հնարաւորութիւն ունինք աւարտուն տեսքի հասցնելու Հիմնարար սկզբունքները»:
«Ատրպէյճան նոյնպէս կառուցողական դիրքորոշում ունեցած է, թէեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պաշտպանեն իրենց ազգային շահը, ինչպէս կ՛ընեն իրենց հայաստանցի պաշտօնակիցները», նշած է Պրայզա:
Միւս կողմէ, ատրպեճանական «Թրէնտ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով յոյս յայտնած էր, որ Հոկտեմբերի սկիզբը Քիշնեւի մէջ նախատեսուող հերթական Սարգսեան-Ալիեւ բանակցութիւնները աւելի արդիւնաւէտ դառնան:
«Յոյսով եմ, որ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի՝ Քիշնեւի մէջ Հոկտեմբերի սկիզբը կայանալիք հանդիպման կարելի կը դառնայ իրականացնել այն, ինչ կարելի չեղաւ ընել մոսկովեան հանդիպման ընթացքին», յայտնած է Մերզլիաքով:
Նշենք, որ Հոկտեմբերի սկիզբը Քիշնեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին, հնարաւոր է, որ տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յաջորդ հանդիպումը:
Սեպտեմբերին կը սպասուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու տարածաշրջանային այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի յստականայ Սարգսեան-Ալիեւ Հոկտեմբերեան բանակցութիւններուն քննարկուելիք հարցերուն շրջանակը:
Ատրպեճանական վերոնշեալ լրատուական գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտնած է, թէ մատրիտեան սկզբունքներու վերախմբագրման աշխատանքները տակաւին չեն աւարտած: Ըստ Ֆասիէի, համանախագահները իրենց աշխատանքը պիտի շարունակեն մինչեւ որ նոր տարբերակը հասնի իր աւարտուն տեսքին:
Ֆասիէ աւելցուցած է, որ ամերիկացի համանախագահ Պրայզա Օգոստոսին պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, իսկ ինք՝ Սեպտեմբերի սկիզբը պիտի այցելէ տարածաշրջան: Համանախագահներու միացեալ այցելութիւնը տարածաշրջան ծրագրուած է կայացնել Սեպտեմբերի վերջաւորութեան:
Այս բոլոր այցելութիւնները, ըստ Ֆասիէի, երկխօսութիւնը բարելաւելու նպատակով կը կատարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ մօտեցնել կողմերուն դիրքորոշումները: