ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրք պետական գործիչները հայ զբօսաշրջիկները հրապուրելու մէջ խտրութիւն չեն դներ: Անոնք նոյնիսկ կը համաձայնին Աղթամարի եկեղեցիին գմբէթը վերականգնել՝ մէկ կողմէ Եւրոպային ցոյց տալու, որ Թուրքիան քաղաքակիրթ ու լայնախոհ երկիր է ու լաւ կը վերաբերի իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հետ, միւս կողմէ հրապուրելու հայերը՝ սփիւռքի թէ Հայաստանի, երթալու ու տեսնելու պատմական սրբավայրը:
Հայ զբօսաշրջիկները, գլխաւորաբար Հայաստանէն, արդէն ողողած են թրքական Անթալիոյ ափերը: Հիմա, բացի ամառնային աժան վայելքներէ, կը գործածուին հայերու հայրենասիրական կամ ազգային զգացումները, Թուրքիա հրապուրելու միւս՝ ազգայնական հատուածը:
Նկատած ենք, որ վերջին տարիներուն արդէն իսկ աւելի ու աւելի զարկ կը ստանայ դէպի Թուրքիա հայերու զբօսաշրջութիւնը, յատկապէս՝ Կիլիկիա ու Արեւմտեան Հայաստան գացողներով, որոնք գլխաւորաբար իրենց կամ իրենց ծնողներուն ու պապերուն ծննդավայրերը տեսնելու, կորսուած հայրենիքի հողը համբուրելու նպատակով ճամբայ կ՛ելլեն, եւ որոնց արարքը կարելի չէ բնութագրել իբրեւ զբօսաշրջութիւն, այլ պարզապէս՝ ուխտագնացութիւն:
Այս խումբի պատկանողները գիտակցաբար կը մեկնին Թուրքիա, իրենց միտքին մէջ միայն ու միայն ունենալով հայրենի հողին հետ հաղորդուելու երազի իրականացումը:
Ոչ ոք կրնայ մեղադրել այս խումբը՝ իբրեւ Թուրքիոյ տնտեսութեան նպաստող: Այստեղ շահող նժարը հայկական կողմ կը շրջի, որովհետեւ հայրենիք վերադառնալու մարմաջով գացողները կը վերադառնան առաւել ամրապնդուած հայկականութեամբ ու իրենց ծախսած գումարները կը դառնան անհամեմատօրէն արժեզրկուած:
Ուրեմն՝ երթալ ուխտի, բայց ոչ ամառնային կամ որեւէ եղանակային զուարճանքի: