ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հիւրրիյէթ»ի մէջ, Ֆաթիհ Չէքիրկէ Երկուշաբթի, Յուլիս 27ին գրած է Վանի Աղթամար եկեղեցի տուած այցելութեան մասին, ուր ան «Վանայ լիճի ճիշդ մէջտեղը» տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին լսած է պետական նախարար Էկէմէն Պաղըշի հետեւեալ հարցումը՝ ուղղուած Կէվաշի քաղաքապետ Նազմի Սէզէրին. «Եթէ այս եկեղեցին քիչ մը եւս նորոգենք, նոյնիսկ եթէ արարողութեան բանանք, ի՞նչ կ՛ըլլայ»։
Սէզէր պատասխանած է. «Հրաշալի կ՛ըլլլայ, պարոն նախարար։ Պէտք է նաեւ իր տեղը դնել եկեղեցիին խաչը»։
Երբ լրագրողը հարցուցած է, թէ նման քայլ մը հակազդեցութիւն չի՞ ստեղծեր, անոնք ըսած են. «Ինչո՞ւ ստեղծէ։ Զբօսաշրջական անհաւատալի ծաղկում մը կ՛արձանագրուի։ Տեսէք, ամէն օր տասնեակներով նամակ կը ստանամ։ Աշխարհի ամէն կողմէ կը ստանամ առաջարկներ Աղթամարը բանալու մասին»։
Չէքիրկէ կը շարունակէ. «Նաւուն մէջ ամէն մարդ նոյն կարծիքը ունէր։ Վանի մէջ տասը ժամուան ընթացքին, որո՛ւ որ հանդիպեցայ, նոյնը ըսաւ։ Վանի կուսակալ Միւնիր Քարալօղլու, կամ մշակոյթի տնօրէնը, նաեւ ուրիշներ, բոլորն ալ կողմնակից են Աղթամարի բացուելուն։
Բայց եկեղեցին ծայր աստիճան անխնամ է։ Պատերը խարխլած են, խաչը չէ դրուած, եկեղեցին պաշտամունքի առջեւ փակ է։ Մինչդեռ Վանը ուրարտական մշակոյթի միակ ժառանգութիւնն է։ Այստեղ կան 60 հազար ցուցատախտակներ, որոնցմէ հազարը՝ թանգարանի մէջ է, բայց փտելու վրայ է։ Այսքան անտարբերութեամբ, ուրարտական ժառանգութիւնը պիտի անհետանայ։
Ապա ան կը փոխանցէ նախարար Էկէմէն Պաղըշի խօսքերը. «Աթէնքի մէջ տեսած էի դրան վրայ կղպանք դրուած մզկիթ մը. ասիկա սրտի ցաւ պատճառած էր ինծի։ Աղթամարի եկեղեցիին այս վիճակն ալ նոյն ցաւը կը պատճառէ»։
Յօդուածին մնացեալ մասին մէջ սխալ մը կայ: Յօդուածագիրը Սերժ Սարգսեանի փոխարէն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անունը կը գործածէ, երբ կ՛ըսէ, թէ հիմա ֆութպոլի մրցումին առիթով Թուրքիա պիտի ժամանէ Հայաստանի նախագահը եւ կ՛առաջարկուի, որ մինչեւ այդ թուականը, Աղթամարի եկեղեցին պաշտամունքի համար բացուի եւ վրան խաչը տեղադրուի։
«Ժամանակին Աղթամարի եկեղեցին դիմած է սուլթանին, որպէսզի դպրեվանք մը բացուի։ Օսմանեան սուլթանը ընդունած է եւ դպրոցը բացուած է։ Հոգեւորականները եկեղեցիին պատին վրայ շնորհակալութեան ցուցատախտակ մը դրած են։ Մեզի ցոյց տուին այդ գրութիւնը եկեղեցիին մէջ։ Այդ ցուցատախտակին վրայ մենք պետութեան ուժը տեսանք, ինքնավստահութիւնը տեսանք։ Ասկէ օրինակ չե՞նք կրնար քաղել. այսքա՞ն շատ է, որ կը վախնանք այս նիւթերէն», կ՛եզրակացնէ Ֆաթիհ Չէքիրկէ։