ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իսկապէս գովելի արագութեամբ կրցաւ հակազդել արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու դէմ կատարուած կողոպուտին՝ յանցագործները երեւան հանելով եւ զանոնք դէպքէն մէկ օր ետք իսկ ձերբակալելով (կողոպուտի լուրը տես՝ «Ասպարէզ»ի երէկուան թիւին մէջ, էջ 5):
Նման յանցագործութիւններ տեղեկագրելը սփիւռքեան մամուլին մէջ այնքան ալ հաճելի չէ: Հայաստան, հայրենիք երթալու խրախուսումը նշանաբան ունեցող սփիւռքեան բոլոր թերթերը պիտի չուզէին ընդհանրապէս անդրադառնալ նման պարագաներու, եթէ նոյն օրուան մէջ երկու դէպք չպատահէր, մէկը՝ քաղաքի սիրտը համարուող Հանրապետութիւն հրապարակին մօտ:
Ոստիկանական տեղեկագրութիւններէ կ՛իմանանք, որ նմանօրինակ կողոպուտի դէպք մը եւս արձանագրուած է երէկ, Գորիս տանող ճամբուն վրայ: Այս անգամ զոհը Զուիցերիոյ քաղաքացի մըն էր:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան միջամտութիւնը այս գործին մէջ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ զոհերու օտարերկրացի ըլլալով: Յամենայնդէպս, այդ ծառայութեան այսպէս «օպերատիւ», արագ հակազդեցութիւնը կրնայ զգուշացում ըլլալ հաւանական յանցագործներու, որ ետ կանգնին նման մտադրութենէ:
Հայաստան հռչակ ունի ապահով երկինք մը ըլլալու զբօսաշրջիկներու համար: Այդ հռչակն է, որ հանգստութիւն կու տայ հազարաւոր սփիւռքահայ ծնողներու՝ իրենց զաւակները նոյնիսկ առանձին ուղարկելու Երեւան: Հազարաւոր զբօսաշրջիկներ խանդավառութեամբ կը պատմեն իրենց շրջապատին, թէ ինչպէ՛ս Երեւանի մէջ ապահով կը զգան, նոյնիսկ ուշ գիշերներուն առանձին քալելով փողոցներու վրայ: Զբօսաշրջութեան զարգացման հրաշալի երաշխիք է այդ ապահովութեան զգացումը:
Այդ հռչակը աչքի լոյսի պէս պէտք է պահուի: