ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երէկուան մեր թիւով անդրադարձանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի պատասխան-նամակին՝ ուղղուած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ, ՀՀԿ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի: Սահակեան մեղադրած էր Յովհաննէսեանը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ պահելու փաստաթուղթ ստորագրած ըլլալուն յանցանքով:
Յովհաննէսեան իր նամակին մէջ կտրականօրէն ժխտած էր մեղադրանքը եւ «ստախօս ու զրպարտի»չ անուանած էր Սահակեանը:
Երէկ, իր կարգին, ի պատասխան Յովհաննէսեանի անուանարկումին, Գալուստ Սահակեան շրջանառութեան մէջ դրած է գրութիւն մը՝ «Ես երբեք չեմ հայհոյում, իսկ եթէ հայհոյում եմ՝ միայն տղամարդավարի: Չեմ պատասխանում Ր. Յովհաննէսեանին, ներկայացնում եմ փաստեր» վերնագիրով:
Ըստ Սահակեանի, 1992 Փետրուար 28ին, ԵԱՀԿ աւագ պաշտօնեաներու կոմիտէն բոլոր ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչի համաձայնութեամբ, ընդունած է առաջին միջազգային փաստաթուղթը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Այդ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած են հետեւեալ ձեւակերպումները.
«Ատրպէյճանի հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք»
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տեղական իշխանութիւններ»
«Յարգել բոլոր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ ներքին թէ արտաքին»:
Այս ձեւակերպումները Սահակեան կը նկատէ ապացոյց, որ Հայաստան, յանձինս այդ օրերու արտաքին գործոց նախարարին, ստորագրած է Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ պահելու տրամադրութիւն յայտնող փաստաթուղթ մը:
Գալուստ Սահակեան «Թերթ»ի թղթակիցին յայտնած է, թէ ինք տակաւին չէ պատասխանած Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, այլ փաստեր ներկայացուցած է միայն: