ԱՐՑԱԽ.- Վերջին շր-ջանին Ղարաբաղ մուտքի ընթացքին օտարազգի քաղաքացիներ հնարաւորութիւն ունին առաջարկելու, որ իրենց անցագիրներուն մէջ մուտքի արտօնագիր (վիզա) չկնքուի։ Բոլոր այն օտարերկրացիները, որոնց անցագիրներուն մէջ ԼՂՀ մուտքի կնիք կայ, իրաւունք չունին Ատրպէյճան մուտք գործելու:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ մնայուն կերպով կը թարմացուին այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն ցուցակները, որոնք այցելած են Ղարաբաղ կամ կապեր ունին Արցախի իշխանութիւններուն հետ։
Ըստ «Ռեկնում» գործակալութեան տուած յայտարարութեան, արգելքը կ՛ընդգրկէ բոլորը, ներառեալ՝ երգիչներ եւ մարմնամարզի ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին
ռուս երգիչներ Քաթիա Լել, Ազիզան ու Սոսօ Փավլիաշվիլի: Այս երգիչներուն անունները արդէն ատրպեճանական սեւ ցուցակին մէջ արձանագրուած են: