ԹԻՒ64
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Զաքար, իմացա՞ր, հրաշք մը պատահեր է Սուրիոյ մէջ:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ի՞նչ կ՛ըսես, Ասպետ, ըսել կ՛ուզես պետական յեղաշրջում մը պատահեր է սուրիական հանրապետութեան մէջ. որքան գիտեմ, 1960ական թուականներէն ասդին կայուն է այդ երկրին քաղաքականութիւնը: Ատիկա ժամանակին էր. 1950ական թուականներուն, ոեւէ բարձրաստիճան զինուորական, նոյնիսկ շիշ մը ուիսքի խմելէ ետք չէր գինովնար, ու մէկ գիշերուան մէջ պետական յեղաշրջում կը յաջողցնէր: Հիմա ամէնէն ուժեղ եւ կայուն արաբական երկիրն է, յանձին նախագահ Պաշշար Ասատին:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Չէ՛, այս հրաշքը զինուորական հրաշք չէ, այս հրաշքը եկեղեցական հրաշք է, քրիստոնէութեան առաջին դարերու հրաշքները յիշեցնող հրաշք է:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Կը հաւատամ. ժամանակին Յիսուս Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն հրաշքներ ընելով անցեր է, վկայ չունինք, բայց Ս. Գիրքին վկայութիւնը մեզ կը հաւաստէ որ յաւիտեան հաւատանք:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Իմ մատնանշած հրաշքը շատ վկաներ ունի, մանաւանդ հայ վկաներ, հրաշքը պատահած է Հալէպ քաղաքին մէջ:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Պէտք է ճիշդ եղած ըլլայ. ժամանակին Հալէպի մէջ ոչխար կը մորթէին, եթէ ոչխարին թոգը ձեռնոցի մը հինգ մատներու տեսքը ունենար, այդ ոչխարը Սուրբ Հոգիին կողմէ ղրկուած կ՛ըլլար եւ իր միսը ուտողը Հոգին Սուրբով կը բժշկուէր: Այդպիսի հրաշքներ հաւատացեալ հիւանդը անմիջապէս կ՛առողջացնէ։
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Այս հրաշքը տարբեր է, հաւատացեալ մը տեսած է Ս. Մինասի սրբապատկերէն ձէթին ծորիլը, հոսիլը եւ շօշափելով զգացած է հիւթը։
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ի՞նչ տեսակ ձէթի մասին է խօսքը, արդա՞ր ձէթի, թէ Canola Mazola շինծու ձէթի: Ծորած, հոսած եւ շօշափելի ձէթը մէկը համտեսա՞ծ է:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Դուն միշտ այսպէս եղած ես, չես փոխուած. հարցը վաւերական է եղեր: Մի միջամտեր եւ մտիկ ըրէ:
Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի հաղորդագրութիւնը կը գրէ.
«30 Մարտ 2009ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հրաշք մը, Ս. Մինասի սրբապատկերներէն եւ Ս. Սարգիսի խաչքարէն յստակ կերպով տեսանելի եւ շօշափելի ձէթ հոսեցաւ:
«Արդարեւ, առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, հաւատացեալ մը նշմարեց Ս. Մինասի սրբապատկերէն ձէթին ծորիլը։ Առաջնորդ սրբազանը, քահանայ հայրերու եւ ազգայիններու ներկայութեան, ականատես վկան եղաւ աստուածային հրաշքին։ Հրաշքէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցան յատուկ աղօթքներու արտասանութիւն, շարականներու երգեցողութիւն, մոմավառութիւն, օրհնեալ ձէթէն հաւատացեալներուն բամպակներով մատակարարում։ Աւելի՛ն, խուռներամ բազմութիւն մը՝ թէ՛ հաւատացեալ, թէ՛ հետաքրքրուած անձերու, հայ թէ օտար, նոյնիսկ ո՛չ քրիստոնեայ այցելուներ, երկար շարքերով ամբողջ օրը մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը այցելեցին եկեղեցին…։
«Այս հոգեպարար հրաշքին առիթով, վեհափառ հայրապետը հոգեկան ցնծութեամբ կ՛օրհնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, նմանօրինակ դէպքերը կը նկատէ հաւատքի նորոգութեան առիթ եւ մեր դարաւոր եկեղեցւոյ վկայութեան ու սրբութեան առաւել կառչելու երկնային քաղցր հրաւէր մը…»։
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Հայ ժողովուրդը 1915 թուականէն ի վեր աստուածային մեծ հրաշքին կը սպասէ: Ի քաղցր տեսութիւն…:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)