ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լոս Անճելըս Պիզնըս ճըրնըլ».- Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ լիաժամ աշխատանք ունեցողներուն թիւը 1990ին իր գագաթին հասած էր: Այդ տարի, անոնց թիւը 4.2 միլիոն էր:
Բնակչութեան թիւին յատկանշական աճէն ետք իսկ, ներկայիս աշխատաւորներու ընդհանուր թիւը 4.7 միլիոն է գաւառին մէջ եւ անոնցմէ շատեր մասնաժամ կամ անկախ աշխատաւորներ են, իսկ ուրիշներ ընդյատակեայ տնտեսութեան մարզին մէջ կ՛աշխատին: Լիաժամ աշխատողներուն թիւը մօտաւորապէս 3.9 միլիոն է ներկայիս, մինչ բնակչութեան թիւը 1990ի 8.8 միլիոնէն՝ 10.2 միլիոնի հասած էր 2008ին:
Տնտեսագէտներու նախատեսութիւնները ցոյց կու տան, թէ այս կացութիւնը մօտիկ ապագային բարելաւելու հաւանականութիւնները շատ փոքր են, որովհետեւ տնտեսութեան բարելաւման առաջին հանգրուանին ընկերութիւնները պիտի նախընտրեն մասնաժամ աշխատողներ վարձել, որովհետեւ նման աշխատաւորներ սովորաբար նուազ վարձատրութիւնը կը ստանան եւ անոնց չեն տրամադրուիր առողջապահական ապահովագրութիւն կամ այլ առաւելութիւններ:
Այս իրողութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ շարք մը մեծ ընկերութիւններ եւ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներ հեռացած են Լոս Անճելըս գաւառէն:
Լիաժամ աշխատողներուն թիւի նուազումը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ գաւառը նուազ տուրքեր գանձէ: