ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- «Լոս Անճելըս Պիզնըս ճըրնըլ» թերթը իր Յուլիս 27 թիւով կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան կիսուն, առանց վարձակալի մնացած խանութներու եւ գրասենեակներու համեմատութիւնը 14.6 տոկոսի բարձրացած է Հոլիվուտ-Արեւմտեան Հոլիվուտ շրջանին մէջ, սակայն անոր հետ նուազած է նաեւ վարքերու գինը, ինչ որ կրնայ նոր վարձակալներ ներգրաւելու մղիչ ուժ մը ըլլալ:
Արդարեւ, 2009ի Յունիսի տուեալներով, շրջանին մէջ մէկ քառակուսի ոտք տարածքի մը վարձքը 24 սէնթով նուազած է՝ հասնելով 3.64 տոլարի, ինչ որ կը շարունակէ բարձր մնալ ամբողջ Լոս Անճելըս գաւառի միջինէն, որ 3.17 տոլար է:
Շուկային մէջ գոյութիւն ունի այն տպաւորութիւնը, թէ վարձքեր պէտք է նուազեցնել ու յաճախորդներ ներգրաւելու համար այլ զիջումներ կատարել՝ նուազող վարձակալները սիրաշահելու համար:
Միաժամանակ, առեւտրական կալուածներու արժէքներուն մէջ յատկանշական նահանջ արձանագրուած է, որուն հետեւանքով նոր յաճախորդներ սկսած են իրենց ներկայութիւնը յայտնի դարձնել: Արդարեւ, վերջերս «Point.360» հիմնարկը 4.75 միլիոն տոլար վճարած է գնելու համար Հոլիվուտի Վայն թաղամասին վրայ գտնուող կառոյց մը, որ 20,100 քառակուսի ոտք տարածք մը ունի:
Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ յաճախորդներուն թիւը մեծ չէ, սակայն գոյութիւն ունի այն տպաւորութիւնը, որ հետաքրքրուողները իսկապէս գնելու միտումով առաջարկներ կը ներկայացնեն: