Հայագիտութեանց մարզին մէջ աւարտական (պսակաւոր արուեստից կամ գիտութեանց վկայականով վկայուած) կամ վերջին երկու տարիներուն դոկտորի կոչում ստացած ուսանողներ հրաւիրուած են իրենց նորագոյն ուսումնասիրութիւնները ներկայացնելու UCLA-ի մէջ կայանալիք Աւարտական ուսանողներու Հայագիտական 8րդ համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 19, 2010ին:
Հետաքրքրուողները պէտք է իրենց ու ներկայացուելիք ուսումնասիրութեան մասին 250 բառով ամփոփում մը ներկայացնեն յանձնախումբին մինչեւ Սեպտեմբեր 20, համացանցի միջոցաւ, «Word» վիճակի մէջ, իսկ ամբողջական ուսումնասիրութիւնը, որ առաւելագոյն 20 վայրկեաննոց պէտք է ըլլայ, պէտք է ներկայացուի մինչեւ Դեկտեմբեր 2009:
Համագումարին նախորդող Հինգշաբթի օր մասնակիցներուն համար հիւրասիրութիւն մը պիտի կազմակերպուի. անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան հանդիպելու եւ զրուցելու համալսարանի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ: Համագումարի աւարտին եւս տեղի պիտի ունենայ նման հաւաք մը: Սահմանափակ թիւով ուսանողներ կրնան ճամբորդական ծախսերու օժանդակութիւն ստանալ, իսկ մասնակցութեան համար նախապատուութիւնը պիտի տրուի այն ուսանողներուն, որոնք նախապէս չեն մասնակցած սոյն համագումարին:
Յանձնախումբին հասցէն է՝ colloquium.agsa@gsa.asucla.ucla.edu: