Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային վարչութիւնը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2009-2010 տարեշրջանին համար դիմումնագիրներ պիտի ընդունին Յարութ Պարսամեան հաշմանդամ հայ ուսանողներու կրթաթոշակին ուղղութեամբ։
Հիմնադրամը հաստատուած է փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ՝ աջակցելու համար ֆիզիքական թերութիւն ունեցող հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ քոլէճի մէջ։
Դիմումնագիրին պէտք է կցել ուսանողին ամփոփ կենսագրականը, բժշկական տեղեկագիր մը՝ ֆիզիքական վիճակին մասին, վկայագիր մը՝ համալսարան կամ քոլէճ ընդունուած ըլլալու մասին։
Կրթաթոշակը կրնայ ապահովել մինչեւ 3000 տոլար, ուսումնական իւրաքանչիւր տարուան համար։ Կը խնդրուի դիմումնագիրները առաջնորդարան յղել մինչեւ Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2009, հետեւեալ հասցէով.
Harut Barsamian Disabled Armenian Students Scholarship Fund
C/O Western Prelacy
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214