ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Լոս Անճելըս.- Մայիս 21էն ի վեր, Վահէ Պէրպէրեան, յաջորդական տասը Հինգշաբթի երեկոներ, Կլէնտէյլի «Պրէնտվիու քոլըքշըն»ի ծայրէ ծայր լեցուն սրահին մէջ ներկայացուցած է իր նորագոյն կատակախօսական մենակատարութիւնը՝ «Սակայն»ը, շուրջ երկու ժամուան ընթացքին լիաթոք ու մինչեւ իսկ ֆիզիքական ցաւ պատճառող ծիծաղի առիթներ ստեղծելով ներկաներուն:
Սկզբունքով ներկայացումները պիտի աւարտէին Օգոստոս 13ին, սակայն «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի հետ գործակցաբար, Վահէն աւելցուցած էր Օգոստոս 20ի ներկայացումը, որուն տոմսերը ապահովելու համար դիմել «Ասպարէզ»՝ (323) 284-9222 թիւով, կամ «Հորիզոն»՝ (323) 284-9200 թիւով, եւ կամ այցելել մեր գրասենեակները՝ 1203 N. Vermont Ave., Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստանին մէջ:
Վահէ Պէրպէրեան կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոսի առաջին երեք շաբաթներուն համար (7ին, 14ին ու 21ին), աւելցուած են նաեւ Ուրբաթ օրուան ելոյթները:
Բոլոր ներկայացումները կը սկսին երեկոյեան ժամը 8:30ին, սակայն սրահին դռները կը բացուին ժամը 7:30ին: Օգոստոս 20ի ներկայացումէն բացի, միւս ելոյթներուն համար տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 941-4800 թիւին:
Սրահին հասցէն է՝ 109 E. Harvard St. Glendale, CA 91205: