ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայոց բանակը, հայկական Զինեալ ուժերը, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը հայ ազգի ողնաշարը կը կազմեն:
Երէկ այդ բանակը քիչ մը աւելի հզօրացաւ սպաներու նոր փաղանգով մը՝ ուսեալ, պատերազմի արուեստի մէջ հմտացած, մասնագիտացած երիտասարդներով, որոնք անմիջապէս պիտի երթան պատասխանատու աշխատանքի, պիտի երթան կատարելագործելու Զինեալ ուժերու հրամանատարական համակարգը:
Ի տես այս երիտասարդ սպաներուն, անոնց լուսապսակ ճակատներուն, չենք կրնար հպարտ չզգալ, որ այսքան կարճ ժամանակուան մէջ մեր նորանկախ պետութիւնը կրցաւ թէ՛ գաղափարականօրէն, թէ՛ մասնագիտականօրէն եւ թէ նաեւ զինվառութեամբ շրջանի ամէնէն մարտունակ, ամէնէն հզօր բանակը հիմնել, կրցաւ յաղթական բանակի աւանդութիւնը շարունակելու պատասխանատուութիւնը հրաշալիօրէն իրականացնել:
Ի տես այս երիտասարդներուն, որոնք շուտով պիտի կանգնին թշնամիի դաւադիր գնդակներու հասողութեան տակ գտնուող դիրքերու վրայ, չենք կրնար երախտապարտութեան խորագոյն զգացումով չտոգորուիլ:
Պէտք է գիտակցիլ, սակայն, որ մշտական պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի նման երկրի մը համար, բանակ պահել, զինել ու կերակրել, թրծել ու մարզել հսկայական զոհողութիւն կը պահանջէ բոլորէ՛ս՝ պետութենէն, ժողովուրդէն, ազգէն, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռք ապրողներէն:
Դարերով անկախութիւն կորսնցուցած հայ ազգի գիտակցութեան մէջ բարեբախտաբար այլեւս ամուր տեղ գտած է հզօր բանակ ունենալու անվիճելի իրողութիւնը եւ արդէն բազմիցս ապացուցուած, որ մեր ժողովուրդը պատրաստ է ամէն տեսակի զոհողութեան, յանուն անպարտելի բանակ ունենալու նպատակին:
Հպարտ ենք նաեւ այդ գիտակցութեան համատարած ըլլալուն համար:
Կը շնորհաւորենք մեր նոր սպաները: Անփորձանք ծառայութիւն, սիրելի՛ տղաք, թող ձեզ ծնած մայրերը ձեր կեանքով փառաւորուին: