ՊՈԼԻՍ.- Մինչ Անթալիա այցելող հայ զբօսաշրջիկներուն թիւը աճ արձանագրած է այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին, Թուրքիոյ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նոյն ժամանաշրջանին Իսրայէլէն եւ Հայաստանէն Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներուն ընդհանուր թիւը նուազած է: Արդարեւ, Իսրայէլէն Թուրքիա եկած զբօսաշրջիկներուն թիւը 60 տոկոս նուազում արձանագրելով՝ իջած է 91 հազարի, իսկ Թուրքիա այցելող հայերուն թիւը, բաղդատմամբ անցեալ տարուան նոյն ամիսներուն, 12.92 առ հարիւրով նուազած է։
Այնուամենայնիւ, վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին Թուրքիա այզելող զբօսաշրջիկներուն ընդհանուր թիւը զգալի աճ արձանագրած է՝ հասնելով 10,690,000ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.