ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յայտնի լրագրող Ճէնկիզ Չանտար Երեքշաբթի, Յուլիս 31ին, «Հիւրրիյէթ»ի կայքին վրայ հրատարակած է «Քրտական հարցին նայիլ Արարատ-Սիփան առանցքին վրայէն» խորագրեալ յօդուած մը, որուն մէջ կը յիշեցնէ, թէ ան մայուած է ամէն անգամ, երբ տեսած է Արարատը։
Ան կը գրէ. «Ես չեմ սիրեր Արարատը կոչել Աղրը անունով։ Որովհետեւ ան գոյութիւն ունէր, երբ տակաւին Աղրը քաղաքը գոյութիւն չունէր։ Քանի որ օրակարգի եկաւ նոր անուններով մկրտուած վայրերը իրենց նախկին անուններուն վերադարձնելու հարց մը, կը նշանակէ, որ ժամանակը եկաւ նաեւ, որ Աղրը լերան անունը վերադարձուի Արարատ»։
Ճէնկիզ Չանտար յօդուածին մէջ նաեւ կը գովէ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի ծրագիրը՝ քրտական հարցին մէջ նոր էջ բանալու կապակցութեամբ։
«Որքա՛ն ալ պակասաւոր ըլլայ, ասիկա կարեւոր նախաձեռնութիւն է», կ՛ըսէ Չանտար։