ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբին նեըկայացուցած Ռէյ Քունիի «Ո՞վ է հայրս»ի թատերախաղին ներկայ եղած են աւելի քան 4000 հոգի: Արդարեւ, Փետրուար 7էն Մարտ 15ի միջեւ, ՀԲԸՄի Փասատինայի «Ալեքս Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած յաջորդական 11 ելոյթներէն ետք, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ներկայ էին 300ական հոգի, երկու ներկայացումներ եւս տեղի ունեցան Մայիս 9ին եւ 10ին, իսկ խումբը Մայիս 23ին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Մոնթրէալի (Քանատա) ՀԲԸՄի կեդրոնէն ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.