Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, յառաջիկայ Կիրակի, 9 Օգոստոսը Բարեկենդան Ս. Աստուածածնի պահոց տօնն է։ Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի նախագահէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, սրբանկարներու օծում պիտի կատարէ եւ պիտի փոխանցէ օրուան իր պատգամը։
Պատարագը պիտի մատուցանէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.