Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պիտի պատարագէ Սքացտէյլի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցիին մէջ: Ս. սեղանին պիտի սպասարկեն ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանը եւ սարկաւագները:
Դպրաց դասի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ առաջնորդանիստ Մայր տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի: Սրբազան հայրը, ըստ Հայց. եկեղեցւոյ ծէսի եւ կանոններու, պիտի կատարէ Ս. Աբգար եկեղեցւոյ օծումը:
Յայտնենք, թէ առաջնորդը եկեղեցւոյ Նաւակատիքի արարողութիւնը կատարեց Ապրիլ 11ին: