ԱՐՊԻԼ, «Արմէնփրէս».- Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանի «Newsweek» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ քիւրտ ժողովուրդը իր իրաւունքներուն ոտնակոխման պարագային կարողութիւն ունի ինքզինք պաշտպանելու, միաժամանակ կոչ ընելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ միջամուխ չըլլան Քիւրտիստանի ներքին հարցերուն:
«Թուրքիան Իրաքի հետ կապուած հարցերուն մէջ կրնայ դրական դերակատարութիւն ունենալ: Եթէ թուրքերը պատրաստ են անոր, ապա քիւրտերն ալ պատրաստ են: Բայց, մենք չենք ընդունիր մեր ներքին գործերուն Թուրքիոյ որեւէ միջամտութիւն: Քէրքուքի քիւրտերու պատկանելիութեան եւ այլ վիճելի տարածքներու հարցերը պէտք է լուծուին Իրաքի սահմանադրութեան համաձայն: Որեւէ այլընտրանք, կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ Իրաքի մէջ», ըսած է ան:
Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացման ակնարկելով՝ Պարզանի ըսած է. «Շատ կարեւոր է, որ Իրաքի մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու համար Իրաք ներխուժած Ամերիկան երկրէն չհեռանայ խառնաշփոթ վիճակի մը մէջ, այլ հեռանայ միայն ամէն ինչ կարգաւորելէ ետք»:
«Թուրքիոյ եւ իրաքցի քիւրտերու միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ: Սակայն, Քիւրտիստանի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայութիւնն ու ուժը կը չափազանցուին: Կուսակցութիւնը տեղակայուած է Իրանի, Իրաքի եւ Թուրքիոյ սահմաններուն միջեւ գտնուող լեռներուն վրայ, որոնց վերահսկողութիւնը շատ դժուար է», եզրակացուցած է Պարզանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.