ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս օրերուն, երբ յաճախ կը խօսուի քրտական հարցէն ներս նոր էջ բանալու մասին, եւ կը պնդուի, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալան, Իմրալըի բանտէն ճամբու քարտէս մը պիտի հրապարակէ 15 Օգոստոսին, Օչալան, իր փաստաբաններուն միջնորդութեամբ յայտնեց, թէ զուր տեղի իրմէ մասնակցութիւն կը սպասուի այս խնդիրին մէջ, որովհետեւ ինք որեւէ մասնակցութիւն պիտի չբերէ, այնքան ատեն, որ Իմրալըի մէջ իր կացութիւնը չէ բարելաւուած։ Այսօրուան պայմաններուն մէջ, ան ի վիճակի չէ մինչեւ իսկ լուրերուն հետեւելու, ըսած է ան։
Օչալան քննադատութեան ենթարկած է նոյնիսկ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը եւ ըսած, թէ այդ կուսակցութիւնը ի վիճակի չէ հասկնալու ներկայ կացութիւնը, «ուր մնաց՝ միւս կուսակցութիւնները»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.