ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 4ին, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն, անակնկալօրէն Հիւսիսային Քորէա հասաւ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Քիլ Ճոնկ Իլի հետ՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութեանց ու շրջանային տագնապներու վերաբերող շարք մը հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Քլինթընի այցելութեան նպատակն է նախկին փոխնախագահ Ալ Կորի պատկանող պատկերասփիւռի կայանին երկու լրագրողներուն ազատ արձակումը ապահովել:
Չորեքշաբթի օր, Փիոնկեանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են ներում շնորհել լրագրողներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.