ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ տեղական մարմիններու եւ Գերմանիոյ մէջ գործող Հայ գործարարներու միութեան համատեղ հովանաւորութեամբ, կը նորոգուի Տաւուշի մարզի Խաշթառակ համայնքին դպրոցը: Հիմնադրամի Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի տեղեկատուութեան համաձայն, ուսման պայմանները լիարժէք դարձնելու համար, հիմնադրամի Աւստրալիոյ տեղական մարմինը ստանձնած է դպրոցի կահաւորման ծրագիրը: Դպրոցին մէջ նաեւ պիտի ստեղծուի նոր համակարգչային դասասենեակ:
Նշենք, որ 1973էն ի վեր դպրոցին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ չէին իրականացած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.