Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կազմակերպած նաւապտոյտը դէպի Ալասքա, առաջնորդութեամբ կազմիս անդամուհիներէն՝ ատենապետ Մարօ Մուճուքեանի, Հուրիկ Տօնապետեանի եւ Անի Սէփէթճեանի, սկսաւ Մայիս 17ին, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ 36 անդամ-անդամուհիներով: Անոնք Լոս Անճելըսի օդակայանէն մեկնեցան Սիէթըլ, որուն նաւահանգիստէն բարձրացան շքեղ «Սթար փրինսէս» նաւը։ Նաւուն առաջին կանգառը եղաւ Քէչիքան քաղաքը։ Երբ կը զբօսնէինք հայկական եռագոյն դրօշակով, հանդիպեցանք հայերէն լեզուի կարօտը զգացող հայորդիներու, որոնք իրենց վաճառատուներուն մէջ հիւրասիրութիւն կատարեցին։ Հիւսիսային բեւերի վրայ իսկ, հանդիպումը շատ մեծ խանդավառութիւն պատճառեց բոլորիս։
Նաւուն յաջորդ կանգառը եղաւ Ճունոն, որ աշխահի ամենափոքր մայրաքաղաքն է եւ նշանաւոր է իր ջրվէժներով եւ ընտիր սալմոն ձուկով։ Նոյն օրը, առուակներով շրջապատուած շքեղ ճաշարան մը այցելելով՝ համով-հոտով ճաշակեցինք Ալասքայի ընտիր ձուկը եւ գեղեցիկ օր մը անցնելով շարունակեցինք մեր նաւապտոյտը ու յաջորդ օրը հասանք Սքէկուէյ, ապա խմբովին բարձրանալով հռչակաւոր շոքեկարգը՝ վայելեցինք բնութիւնը մինչեւ Քանատայի սահմանը երթուդարձով։ Յաջորդ օրը, բնութեան ծոցին մէջ տօնեցինք Համբարձման մեր աւանդական տօնը ու վիճակ ընտրելով, գեղեցիկ ասացուածքներ կարդալով ու տոհմիկ երգեր երգելով, ուրախ տրամադրութեամբ նուիրատուութիւն կատարեցինք։
Վերջին կանգառը եղաւ Վիքթորիա կղզին, ուր խումբով այցելեցինք «Պուչարթ կարտըն»ը եւ վայելեցինք բնութեան գեղեցիկ եւ զմայլելի գոյնզգոյն ծաղիկները, մանաւանդ սիրուն, գունագեղ կակաչները։
Աստուծոյ կամքն էր, որ տրամադրեց մեզի գեղեցիկ եւ բացառիկ պայծառ օդ շրջապտոյտին ընթացքին:
«ԱԼԱՍՔԱ»Ի ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇԸ
Չորեքշաբթի, Յուլիս 15ին, «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ ունեցանք հաւաքական սիրոյ ճաշ՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան, ներկայութեամբ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի եւ հոգաբարձական ու երեսփոխանական կազմերու։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ներկաները, մէկ առ մէկ, պատմեցին Ալասքայի մէջ իրենց անցուցած հաճելի պահերէն դրուագներ ու Տիկնանց միութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին, նաեւ առաջարկեցին, որ այսպիսի զուարճալի շրջապտոյտներ միշտ կազմակերպել։
Շրջապտոյտի մասնակիցները մեկնեցան իրենց տուները, ի մտի ունենալով Հոգաբարձութեան կազմակերպած յաջորդ ձեռնարկը՝ «Dinner Cruise»ը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին:
(Թղթակցութիւնը Տիկնանց միութենէն)