ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արմաւիրի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ղեկավար Ռաֆիկ Դոլինեանի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանի նախաձեռնութեամբ քաղաքի Կորիւն դաշտին մէջ հիմնուած է 150 սօսիներէ բաղկացած անտառ մը, որ կը խնամուի քաղաքապետարանի «Բարեկարգում» տնօրինութեան կողմէ: Աշատանքներուն մասնակցած են քաղաքապետարանի աշխատակիցներն ու դպրոցականները: Ըստ Դոլինեանի, աշխատանքները տակաւին չեն աւարտած, իսկ աշնան նոր տնկիներ պիտի դրուին, որպէսզի 1 հեքթար տարածք ունեցող անտառը դառնայ 2 հեքթար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.