ՆՈՒՇԻԿ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հայ… հայկական… հայկականութիւն… հայոց լեզու… հայկական ոգի… հայրենասիրութիւն…
Ասոնք բառեր եւ արտայայտութիւններ են, որոնք կը լսուին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայերուն ամէնօրեայ զրոյցներուն ընթացքին, մասնաւորապէս ա՛յն հայերուն, որոնք իսկապէս կը փորձեն իրենց մականուններուն «եան» մասնիկին գոյութիւնը արդարացնել իրենց ապրելակերպով եւ մտածողութեամբ, մանաւանդ, երբ քիչ չէ նաեւ ա՛յն հայերուն թիւը, որոնց համար վերոյիշեալ բառերը պարզապէս բառեր են. բառեր, որոնց ներքին զարկերակը գրեթէ դադրած է բաբախելէ, կամ եթէ նոյնիսկ դեռ կը բաբախէ, ապա միայն կերուխումի սեղաններուն շուրջ ճառեր եւ կենացներ առաջարկելու պահուն, կամ շրջապատին մէջ «կարեւոր» բան մը ըսած ըլլալու համար միայն:
Ինքնախաբէութի՞ւն է, թէ… վերջին եւ թոյլ ճիգ մըն է, իբրեւ հայ գոյատեւելու… իսկ արդեօ՞ք մեր նպատակը գոյատեւումն է միայն, թէ հայու արժանապատիւ տեսակին պահպանումն ու զարգացումը:
Չ՛երկարեմ նախաբանս, այլ անցնիմ զիս յուզող հարցին։
Սփիւռքի անվերջանալի ու անփոփոխ մտահոգութիւնն է հայ մնալու, հայեցի դաստիարակութիւն տալու, չձուլուելու եւ չօտարանալու խնդիրը, իսկ առաջին ամրոցը, զոր կարելի է հայ մանուկին ու պատանիին ի պաշտպանութիւն կառուցել, հայկական դպրոցն է։
Անասելի ու անբացատրելի մեծ է գիտակցութեան եւ մտահոգութեան չափը այն անհատներուն, որոնք հայկական դպրոց մը հիմնելու, ապա պահելու եւ ինչու չէ, նաեւ ընդարձակելու գործին գլուխը կ՛անցնին, եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խոչընդոտներուն ու անբարենպաստ պայմաններուն, սեփական ընտանիքի անդամի մը կեանքը փրկելուն հաւասար ճիգով, ջանք չեն խնայեր փրկելու հայ պատանիի մը կեանքը օտարացումէ։ Փառք բոլոր անոնց, որոնք այդ գիտակցութեամբ առաջնորդուելով ու քարը քարին դնելով՝ բարձրացուցած են հայկական դպրոցներուն պատերը, եւ այդ պատերէն ներս, գոնէ մի քանի ժամ հայերէն հնչեցնելու եւ հայոց պատմութեամբ, մշակոյթով եւ գրականութեամբ լեցուելու առիթը տուած են սփիւռքահայ սերունդներուն:
Դիմացս նստած են մանուկներ ու պատանիներ, «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանի փոքրիկ ու տաքուկ դասարաններուն մէջ, իսկ ես կը նայիմ անոնց խելացի, փայլուն աչքերուն, եւ սիրտս մերթ կը ցնծայ, մերթ կը սեղմուի կուրծքիս տակ ցաւէն։
Կը ցնծայ, որովհետեւ կը տեսնէ սերունդ մը, որ իսկապէս պատրաստ է նետուելու կեանքի ովկիանոսին մէջ՝ ունենալով բազմազան ասպարէզներու մէջ յաջողութեան հասնելու բոլոր տուեալները, մեծնալով ու դաստիարակուելով իբրեւ մարդ, որուն հայ ըլլալը էութի՛ւն է, ո՛չ թէ բեռ, եւ որուն հայ մնալը բնական է այնքան, որքան շաքարին քաղցրութիւնը։ Կը ցնծայ սիրտս, որովհետեւ սիրտս գիտէ, թէ այդ պատանիները, որքա՛ն ալ դժուարանան իրենց կեանքին ընթացքին հաւասարակշռելու անգլերէն լեզուին ու հայերէնին նժարները, որքա՛ն ալ կեանքին ալիքները իրենց միտքերը ողողեն տարբեր մշակոյթներու բազմերանգութեամբ, ապա այդ ալիքներուն բերածը, վստահաբար, պիտի գայ գիտելիք մը ե՛ւս աւելցնելու, կամ տող մըն ալ գրելու ա՛յն գիրքին մէջ, որուն պարունակութիւնը, այսինքն՝ ոգին, հայրենասէր է, հայասէր է, եւ լեցուած է սիրով ու միմիա՛յն սիրով, հանդէպ իր ժողովուրդին ու մշակոյթին, պատմութեան ու հայրենիքին։
Իսկ թէ սիրտս ինչո՞ւ կը ցաւի… ատոր բացատրութիւնն ալ ձգեմ ձեզի՛, սփիւռքահայ ընթերցողներ… ձգեմ ձե՛ր աչքերուն, որոնք եթէ տեսնեն Սան Ֆրանսիսքոյի միա՛կ… կը կրկնեմ՝ միա՛կ հայկական դպրոցը, ապա իւրաքանչիւր դասարանի մէջ մէկ տասնեակէ աւելի մանուկներ դժուար թէ գտնեն։
Քանի մը տասնեակ հազարէ բաղկացած հայկական այս գաղութին միա՛կ հայկական դպրոցին աշակերտներուն թիւը հարիւրը հազի՛ւ կը գերազանցէ։ Նոյնքան տարիներ դեռ չեն անցած Հայոց Ցեղասպանութեան քաոսային օրերէն… իսկ հարիւրամեակ մըն ալ երբ անցնի… արդեօք ի՞նչ պիտի տեսնենք… պիտի բացուի՞ն արդեօք ոմանց աչքերը, թէ՞… պիտի նախընտրեն գոց մնալ՝ չտեսնելու համար իրականութիւնը։
Շուտով վերամուտն է։
ԳԶՎ Ազգային վարժարանը դարձեալ պիտի բանայ իր լայն դարպասները բոլոր-բոլոր հայ մանուկներուն դիմաց, եւ տայ Աստուա՛ծ, որ այս անգամ աչքերս միա՛յն ուրախութենէն արտասուին: