Կիրակի Յուլիս 12ին, Տիգրանեան ընտանիքի Մալիպուի տան մէջ, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկին Քէն եւ Սինտի Նորեաններու, Արեւմտեան շրջանի «Արարատ» ընկերակցութիւնը կազմակերպեց տարեկան իր երկրորդ «գինիի համտեսում»ը։ Հայկական ճաշերու եւ զանազան տեսակի գինիներու կողքին, ներկաները առիթը ունեցան ճաշակելու «Քիամիէ Վինէ Գէլլարս աֆ Բասօ Րոպլէս» գինին, որ տրամադրուած էր ընկերութեան Ընդհանուր տնօրէն Արամ Տէիրմէնճեանի կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.