Խմբագրութիւնս ստացաւ Ռ. Հատտէճեանի Յուշատետր-20՝ «Քանի Մը Ծառեր Անտառին Մէ»ջ գիրքը։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի օժանդակութեամբ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած այս հատորին 255 էջերուն մէջ զետեղուած են յօդուածներ, որոնք նախապէս լոյս տեսած են Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ 1989էն 199Օ թուականներուն միջեւ։
Յօդուածները ընդհանրապէս խորհրդածութիւններ են՝ մարդկային կեանքի եւ հոգեկան ապրումներու մասին, որոնք յաճախ ճոխացուած են հեղինակին կեանքէն քաղուած օրինակներով։