Քահանայութեան թեկնածու Մարթին Զաքարեան, որ 2008ի Սեպտեմբերէն սկսեալ Օքլընտի Ս. Վարդան հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի օգնական նշանակուած էր, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ պիտի արժանանայ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման՝ կնքահայրութեամբ Կրէկ եւ Սեդա Չըրքոյեաններու:
Քահանայական կոչման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Օգոստոս 28ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին՝ Անապատի հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, (38900 Vista Dunes, Rancho Mirage, CA 92270):
Առաջնորդի ձեռամբ, եւ մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականներուն, Մարթին սարկաւագի քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը պիտի կատարուին Շաբաթ, Օգոստոս 29ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Փալմ Տէզըրթի Ս. Գէորգ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ (71-109 Larrea St.): Ձեռնադրութենէն ետք, կ.ե. ժամը 1:30ին տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ ճաշ, մուտքի նուէր՝ 75 տոլար: Տեղերը ապահովելու համար հեռաձայնել Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի՝ (818) 558-7474, կամ Վարուժան Մկրտիչեանի՝ (818) 317-9094:
Մարթին սարկաւագ իր ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, պիտի ստանձնէ Անապատի եկեղեցւոյ հովուական պաշտօնը: Նորընծայ քահանան կրօնագիտական իր բարձրագոյն ուսումը պիտի շարունակէ Քլէրմոնթ աստուածաբանական դպրոցին մէջ: